ոկտեմբեր 15ին, Մէսէչուսէց նահանգի զանազան քաղաքներէ ժամանած հայորդիներ հաւաքուեցան Սէմ եւ Այտա Պճաքեաններու բնակարանին մէջ եւ 30,000 տոլար հաւաքեցին ի նպաստ նահանգապետի եւ փոխնահանգապետի թեկնածուներ՝ Տիւվէլ Փաթրիքի եւ Թիմ Մըրրիի։
Ձեռնարկը կը հովանաւորէին Ճորճ Քըվըրեան, Փիթըր Քութուճեան, Ռէյչըլ Գաբրիէլեան, Ճոյս Աղճայեան, Շահրիստան Արտհալճեան, Էլօ Արթինեան, Նանսի Պարսամեան, Այտա Պճաքեան, Հուրի Պոյամեան, Արեւ Տէր Վարդանեան, Լինտա Քապուլեան, Պելլա Խաչատուրեան, Յասմիկ Քուչաքճեան, Լիլի Մարուխեան, Ճուլիա Մայրաք, Քարոլայն Մուկար, Քարոլայն Նաճարեան, Միւրիէլ Բարսեղեան եւ Լիսա Սեդրակեան։
Ներկաներուն առջեւ խօսք առաւ Արեւելեան Մէսէչուսէցի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Շահրիստան Արտհալճեան։ Արտհալճեան նշեց, թէ «Փաթրիք-Մըրրի զոյգը նահանգին ընտրական վերջին տարիներու պատմութեան մէջ ամենախրախուսիչ թեկնածութիւնը կը հանդիսանայ։ Անոնք միասին պիտի փորձեն երկրի մէջ այս նահանգը ապրելու լաւագոյն վայրի վերածել։ Այսօր մենք այստեղ ենք մեր զօրակցութիւնը յայտնելու անոնց, որովհետեւ նաեւ կասկած չունինք, որ անոնք զօրավիգ են ամերիկահայութեան առնչուող շատ մը հարցերու»։
Միրիմէք հովիտի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներէն եւ ՀՕՄի Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Միւրիէլ Բարսեղեան ներկայացուց ներկայիս Ուստրի քաղաքապետ եւ փոխնահանգապետի թեկնածու Թիմ Մըրրին։ Նշենք, որ Մ. Բարսեղեան Մէսէչուսէց նահանգի Դեմոկրատական նահանգային համագումարին, մաս կը կազմէր Տիւվէլ Փաթրիք-Թիմ Մըրրի զոյգը պաշտպանող պատուիրակութեան։
Բարսեղեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ կազմակերպական այն կարողութիւնները, որոնք Մըրրի դրսեւորած է որպէս Ուստրի քաղաքապետ, նշեց զարգացման այն կարեւոր բնագաւառները, որոնք այս քաղաքը ապրած է շնորհիւ Մըրրի աշխատանքին եւ հաստատեց, թէ Մըրրի երկար տարիներ է որ սերտ առնչութիւն ունի ամերիկահայ համայնքին հետ։
Թիմ Մըրրի ներկայացուց տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներու նախընտրական ծրագրի առաւելութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց ամերիկահայ համայնքին հետ ունեցած իր իւրայատուկ յարաբերութիւնը։
Նահանգի Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Ճորճ Քըվըրեան իր խօսքին մէջ փոխանցեց իր կարծիքը նահանգապետի թեկնածու Տիւվէլ Փաթրիքի կառավարման կարողութիւններուն ու առաւելութիւններուն մասին։
Խօսք առին նաեւ բազմաթիւ այլ ներկաներ:
Նահանգապետութեան դեմոկրատ թեկնածու Տիւվէլ Փաթրիք ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ամոլին եւ ներկայացուց ընկերային, առողջապահական, կրթական ու տնտեսական խնդիրներու վերաբերող այն հիմնական սկզբունքները, որոնց վրայ կառուցած է իր նախընտրական ծրագիրը։
Աւարտին, Արտհալճեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեմոկրատ երկու թեկնածուներուն եւ ներկաներուն։