Քիւրտ պատմաբան դոկտ. Քէամալ Մահզար Ահմատի հեղինակած գիրքն է «Քիւրտիստանը՝ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», որ քրտերէնէ պարսկերէնի թարգմանած է նոյնպէս ծագումով քիւրտ դոկտ. Ռաուֆ Քեարիմին:
Փաստագրական աշխատութիւնը իրմէ արժէք կը ներկայացնէ առաւելաբար այն առումով, որ գիրքի հեղինակը քիւրտ պատմաբան է, իսկ իր հեղինակած գիրքի բովանդակութիւնը յատկապէս հայութեան ու ի մասնաւորի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական նոր տուեալներ կը հաղորդէ ընթերցողին:
Որպէս քիւրտ գիտնական-պատմաբանի հայեացակէտի արգասիք (երեւոյթ մը, որ հազուադէպ կը պատահի) աւելիով կը յատկանշուի գիրքը, քանզի նորանոր ծալքեր երեւան կը հանուին թրքական հայատեաց քաղաքականութեան վերաբերեալ, երբ գիրքի հեղինակը անաչառօրէն եւ ճշմարիտ հիմքերու վրայ կը մերկացնէ երիտթրքական ցեղասպանական ծրագիրները ու նպատակները, որոնք ըստ Քէամալ Մահզար Ահմատի՝ մշտապէս փորձած են սեփական մեղքը բարդել ու վերագրել քիւրտերու՝ վերջիններուս եւ հայութեան միջեւ թշնամանք սերմանելու համար: Պատմագիտական ու փաստավաւերագրական սոյն գիրքի հրատարակութիւնը ողջունելի է նաեւ այն առումով, որ կ’ապացուցէ հայութեան պատմականօրէն եւ աշխարհագրականօրէն բախտակից քիւրտ ժողովուրդի արթնամտութիւնն ու անաչառութիւնը՝ յատկապէս պատմական իրադարձութիւններու նկատմամբ:
Այս հանգամանքը նկատի ունենալով՝ կարելի է այդ բաւարար հիմք սեպել գիրքը հայերէնի թարգմանելու առումով: