
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ Օրէնսդրական հայկական համախմբումը կը տեղեկացնէ, թէ յաւելեալ օրէնսդիրներ իր շարքերուն միացած են․ անոնք են՝ Մէյկըն Տալ, Մայք Ֆոնկ եւ Միկէլ Սանթիակօ։
Նահանգի հայութեան իրաւունքները ջատագովող այս համախմբումին միւս անդամներն են՝ նահանգային ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք, Պապ Արչուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Պրայըն Տալ, Մարիա Էլենա Տուրազօ, Պապ Հըրցպըրկ, Էնթընի Փորթանթինօ, նահանգային խորհրդարանականներ՝ Քեւըն Մալին, Լիսա Քալտերոն, Վինս Ֆոնկ, Լօրա Ֆրիտմըն, Ճես Կապրիէլ, Մայք Կիփսըն, Քրիս Հոլտըն, Թամ Լեքի, Ատրին Նազարեան, Լուզ Ռիվազ, Պլանքա Ռուպիօ, եւ Սուզեթ Վալատրես ։