ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքը սկսաւ Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող, Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող առանձնատունը բռնագանձելու գործընթացին:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքը։

Ըստ բռնագանձման հայցին՝ առանձնատունը ձեռք բերուած է այն գումարով, զոր հայ գործարար մը իբրեւ կաշառք տուած է նախապէս Հայաստանի մէջ բարձր պաշտօն վարած Գագիկ Խաչատրեանի ընտանիքին:
Քալիֆորնիոյ շրջանային դատարանին ներկայացուած դատին մէջ Միացեալ Նահանգները կը պնդէ, որ գործարար Սեդրակ Առուստամեան Գագիկ Խաչատրեանին եւ անոր ընտանիքին 20 միլիոն տոլար կաշառք տուած է՝ իր գործարարութեան նկատմամբ բարեհաճ վերաբերում դրսեւորելու համար: Կը նշուի, որ այդ գումարը օգտագործուած է Լոս Անճելըսի Հոլմպի Հիլզ թաղամասին մէջ առանձնատուն գնելու: Կը նշուի նաեւ, որ այդ առանձնատունը վերջերս վաճառքի դրուած էր 63 միլիոն 500 հազար տոլարի:
Արդարութեան բաժանմունքը Հայաստանի մէջ Գագիկ Խաչատրեանին եւ անոր որդիներուն մեղադրանք առաջադրեց՝ կաշառք ստանալու յօդուածով, իսկ Սեդրակ Առուստամեանի նկատմամբ՝ կաշառք տալու։
Ըստ տարածուած հաղորդագրութեան՝ գործարքը հետաքննուած է Հետաքննութիւններու աշնակցային բիւրոյի (FBI-ի) Եւրասիական կազմակերպուած յանցանքի դէմ պայքարի խումբի եւ Միացեալ Նահանգներու Մարշըլներու ծառայութեան կողմէ:
Նշենք, որ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը առանցքային օգնութիւն ցուցաբերած են։