ԵՐԵՒԱՆ.- 10 Մայիսին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, թէ դեռ Փետրուարինմ ատրպէյճանական կողմը Հայաստանին ներկայացուց 5 հիմնական առաջարկներ, որոնք հիմնուած են խաղաղութեան համաձայնագիրի հիմնական սկզբունքներուն վրայ` շեշտելով` «սակայն Հայաստանը նշեց, թէ անոնք իրենց յարմար չեն»:
Պայրամով յայտարարեց, թէ Հայաստանի ներկայացուցած փաստաթուղթը, դժուար է առաջարկ անուանել, այլ՝ անոր բնորոշումով, հայկական կողմի փաստաթուղթը եղաւ հակազդեցութեան տեսքով` ընդդէմ Ատրպէյճանի առաջարկներուն: Ըստ անոր՝ այդ կէտերէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ ատրպէյճանական կողմը 21 Փետրուարէն Մարտի սկիզբը, Հայաստանին պէտք է ներկայացնէ հիմնական առաջարկները:
«Ատրպէյճան առաջին օրէն նշեց, որ հիմնական առաջարկները ներկայացուած են միջնորդներու ճամբով։ Այդ մասին պէտք է հարցնել միջնորդներուն: Ատրպէյճան նշեց 21 Փետրուարը եւ ներկայացուց այդ օրը: Յաջորդ կէտին մէջ կայ այն, որ Հայաստան որեւէ տարածքային պահանջ չունի Ատրպէյճանէն: Դեռ 1992 թուականին երկու երկիրները, ըլլալով ԱՊՀի անդամներ, ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը: Եւ ասիկա որոշ չափով Ատրպէյճանի հիմնական սկզբունքի կրկնութիւնն է», ըսաւ Պայրամով։
Ատրպէյճանական այս յայտարարութեան պատասխանելով՝ Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան ըսաւ. «Ապրիլի 6ին Բրիւսելում տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքում Երեւանը նաեւ առձեռն Բաքուին է փոխանցել 6 կէտանոց փաստաթուղթը, որը ներառում է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան, իրաւունքների պաշտպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը»։ Ան շեշտեց, թէ հայկական կողմը առաջարկեց երկու օրակարգերու հիման վրայ սկսիլ բանակցութիւններու` խաղաղութեան պայմանագիրին ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական կողմը համաձայն գտնուած է այս մօտեցման, որմէ ետք խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւններուն ձեռնարկելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է։
Պայրամով յայտարարեց նաեւ, որ Պաքու եւ Երեւան համաձայնեցան ատրպէյճանական-հայկական սահմանի սահմանազատման հարցերով համատեղ յանձնաժողով ստեղծել, իսկ անոր անդրանիկ նիստը կը նախատեսուէր գումարել Ապրիլի աւարտին։ Անկէ ետք, ըստ ատրպէյճանցի պաշտօնատարին, երկու հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ ներկայացուց իրենց առաջարկները յանձնաժողովի կազմին վերաբերեալ՝ շեշտելով, որ պէտք է աւելի բարձր մակարդակով յանձնաժողով կազմել։
«Նկատի ունենալով դրացի այլ երկիրներու հետ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի շարք մը առանձնայատկութիւնները եւ տարբերութիւններ` մեր առաջարկն էր, որ յանձնաժողովը կազմակերպուի այլ ձեւաչափով, ղեկավարուի աւելի բարձր մակարդակով: Ատրպէյճանական կողմին առաջարկը այն էր, որ ատրպէյճանական կողմէ յանձնաժողովը ղեկավարող անձը ըլլայ փոխվարչապետի մակարդակով», յայտնեց Պայրամով՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ այս գծով համաձայնութիւն գոյացած է։
«Մինվալ» կայքը հաղորդեց, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով յայտարարեց, որ պրիւքսէլեան հանդիպումին իբրեւ արդիւնք հայկական կողմը խաղաղութեան համաձայնագիրի եւ սահմանազատման հոլովոյթի համաձայնութիւն տուաւ։
Ան նշեց, որ խաղաղ բանակցութիւնները պիտի կատարուին Ատրպէյճանի 5 կէտերէ բաղկացած առաջարկներու հիման վրայ։ Ան անդրադարձաւ Ղազախի (Տաւուշի) շրջանի 7 գիւղերու եւ Տիգրանաշէնի «վերադարձի» հարցին՝ նշելով, որ հոլովոյթը պիտի կատարուի սահմանազատման հոլովոյթի պահանջներուն համապատասխան։
«Այդ տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելու հարցը պիտի լուծուի ընթացող բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք։ Հայաստան երբեք պիտի չկարենայ յայտարարել, որ այդ տարածքները Ատրպէյճանի տարածքները չեն, որովհետեւ այդ տարածքներու Ատրպէյճանին վերադարձը կը պահանջէ սահմանազատման հոլովոյթ, հարցը պիտի քննուի ճիշդ այս ծիրին մէջ։ Պիտի քննարկուի այդ տարածքներուն Ատրպէյճանին «վերադարձը», եւ լուծում պիտի գտնուի», շեշտեց Խալաֆով։
«Այդ պահին մեր ձեռքի տակ չկայ որեւէ իրաւական հիմնաւորում, թէ Հայաստանի տարածքում երբեւէ դէ իւրէ ադրբեջանական անկլաւ է գոյութիւն ունեցել», ըսաւ Մարուքեան` արձագանգելով Խալաֆովին:
Ըստ անոր՝ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացները պէտք է տեղի ունենան տէ ժիւրէ նշանակութիւն ունեցող փաստերուն եւ փաստաթուղթերուն հիման վրայ:
«Ընդհակառակը, կան իրաւական հիմնաւորումներ Արծուաշէն գիւղի` Հայաստանին պատկանելութեան մասին: Նոյնը վերաբերում է նաեւ Հայաստանին պատկանող մի շարք տարածքների` ներառեալ Սոթք-Խոզնավար հատուածում, որտեղ նախորդ տարուայ Մայիսին ադրբեջանական զօրքերի ապօրինի ներխուժման յայտնի դէպքը տեղի ունեցաւ: Այս հարցերը, ի հարկէ, պէտք է քննարկուեն եւ լուծում ստանան դելիմիտացիայի (սահմանազատման) եւ դէմարկացիայի (սահմանագծման) գործընթացում», ըսաւ Մարուքեան։