ԵՐԵՒԱՆ.- 10 Մայիսին, ինչպէս ամէն երեկոյեան, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Դիմադրութեան շարժման հերթական հանրահաւաքը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ համերգային ծրագիր մը եւ արտասանուեցան խօսքեր։ Ելոյթ ունեցողները իրենց խօսքին մէջ հիմնաւորեցին այս իշխանութիւններու հրաժարականի հրամայականը եւ մեղադրեցին գործող իշխանութիւնը՝ երկիրը պարտութիւններու տանելու մէջ։
Արշակ Մեսրոպեան անդրադարձաւ ապագայի գործողութիւններուն, որոնց կարգին լուսարձակի տակ առաւ այն հանգամանքը, որ Դիմադրութեան շարժումը արդէն ձեւաւորած է որեւէ ազգի համար պահովութեան եւ յարատեւ ընթացքի երաշխիքներէն մէկը. երբ ժողովուրդները կը դառնան բանակ, այն բանակը, որ պիտի վերականգնէ մեր արժանապատուութիւնը եւ դատաստանի առջեւ կանգնեցնէ բոլոր յանցագործները։
«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յորդորեց առիթ չտալ սադրանքներու։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան; «Ասւում է, թէ Տաւուշի, Վայոց ձորի մարզերում կան հողեր, եւ օրուայ իշխանութեան հետ կայ պայմանաւորուածութիւն` այդ հողերն իրենց «վերադարձնելու» շուրջ: Մենք պայքարում ենք հէնց դա կանխելու համար: Սա միայն Արցախի հարց չէ, սա գոյաբանական հարց է` հայ ժողովրդի անվտանգութեան հարց: Հետեւաբար, Նիկոլի եւ Ալիեւի ցանկացած պայմանաւորուածութիւն առ ոչինչ է», յայտարարեց Սաղաթէլեան:
Այնուհետեւ ան հանրահաւաքին մասնակցողները հրաւիրեց երթի՝ այս անգամ Սարեան փողոցէն։ «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Միութիւն, Պայքար, Յաղթանակ» վանկարկումներով երթը շարժեցաւ յառաջ։
Քայլերթէն ետք, հանրահաւաքը Ֆրանսայի հրապարակին վրայ շարունակուեցաւ։ Անոր աւարտին Սաղաթէլեան պայքարի բոլոր մասնակցողներուն կողմէ յայտարարութիւն յղեց Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ շեշտելով. «Վարչապետի աթոռն զբաղեցնող անձն այլեւս չի կարող ներկայացնել հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայաստանում ստեղծուած է քաղաքական ճգնաժամ, եւ տեղի ունեցող զարգացումները ձեւաւորել են Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի եւ հեռացման համաժողովրդական միանշանակ պահանջ: Այս պահանջը հիմնաւորուած է եւ թելադրուած Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման, տնտեսական զարգացման, ժողովրդավարական արժէքների, ազգային ինքնութեան պահպանման յոյժ կարեւոր օրակարգերն ամբողջութեամբ այդ մարդու կողմից ձախողելու պատճառով: Խնդրում ենք վերոշարադրեալի մասին յայտնել ձեր մայրաքաղաքներ, կենտրոնական գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ հաշուի առնել ձեր առօրեայ աշխատանքում»:

Ապա ան ներկայացուց 11 Մայիսի աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւնները։