ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Իրանի միջկառավարական միացեալ յանձնաժողովի 17րդ նիստէն ետք, Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապիան յայտարարեց, թէ Իրան անընդունելի կը նկատէ Թուրքիոյ կողմէ Արաքս գետին վրայ ամբարտակներու կառուցումը:
Ըստ անոր՝ ամբարտակներու շինութեան վերաբերող այն քայլերը, որոնք կը ձեռնարկուին Թուրքիոյ կողմէ, համաձայնեցուած չեն Արաքս գետի աւազանի երկիրներուն հետ: «Մենք մեր բողոքը կ՛արտայայտենք այդ մասին եւ այն կարծիքին ենք, որ Արաքս գետի աւազանին մէջ գտնուող բոլոր պետութիւնները ամբարտակներու շինարարութեան, ինչպէս նաեւ Արաքս գետի ջուրի օգտագործման հարցով պէտք է համաձայնեցուած կերպով աշխատին, եւ միակողմանի անհատական մօտեցումը կրնայ իր մէջ Արաքս գետին համար վտանգներ ներառել», ըսաւ ան:
«Բազմաթիւ նիստեր եւ հանդիպումներ ունեցանք Թուրքիոյ պատկան մարմիններուն հետ եւ անոնք մեզի վստահեցուցին, որ անպայման անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկեն, որպէսզի փարատեն մտահոգութիւնները: Մենք կը կարծենք, թէ Արաքս գետի աւազանին մէջ գտնուող բոլոր երկիրները իրարու հետ պէտք է քննարկեն այդ հարցը եւ արդար կերպով օգտուին այդ ջրային պաշարէն», յայտնեց ան: