ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիլլօ ընդդիմութեան կողմէ հրաւիրուեցաւ խորհրդարան՝ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին բացատրութիւններ տալու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի՝ հայերուն ուղղուած «գորշ գայլեր»ու նշանը ցոյց տալ արարքին եւ Ուրուկուէյի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին բացատրութիւններուն վերաբերեալ:
Նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Պուսթիլլօ ըսաւ, որ հարցը փակուած կը նկատուի՝ աւելցնելով. «Այդ անսպասելի արարքէն ետք մենք անմիջապէս Թուրքիոյ դեսպանը նախարարութիւն կանչեցինք, եւ մեր այդ քայլը դիւանագիտական կանոններով ինքնին բողոք եւ դժգոհութիւն կը պարունակէ»:
Նախարարը անգամ մը եւս շեշտեց, որ Ուրուկուէյ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այդ գծով պետական քաղաքականութիւն ունի՝ կիսելով հայերուն ցաւը, ուստի այդ մեծ ցաւին համար որեւէ բացատրութիւն չկայ:
Ընդդիմադիր «Լայն ճակատ» կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Լիլիամ Քեշիշեան թէեւ կարեւոր նկատեց գործադիր իշխանութեան արագ պատասխանը, սակայն, նոյն ատեն, նշեց, թէ նախընտրելի պիտի ըլլար, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ ու հզօր յայտարարութեամբ անդրադառնար Թուրքիոյ դեսպանի բացատրութիւններուն եւ միջադէպին: Ըստ անոր՝ զարմանալիօրէն, դեսպանը ըսած է, թէ ցոյց տրուած այդ նշանը կապ ունի «թրքական հպարտութեան» հետ, ոչ թէ «գորշ գայլեր»ու: