ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օժանդակութեամբ, Սեպտեմբեր 29ին մաքսային պետական կոմիտէի Գուգարքի տարածաշրջանային մաքսատան մէջ բացումը կատարուեցաւ համակարգչային սարքաւորումներով յագեցած ուսումնական կեդրոնին:
Բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնակատար Էնթընի Կոտֆրէյ յայտնեց, որ նոր ուսումնական կեդրոնը Հայաստանի կառավարութեան հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կազմակերպելու մաքսային ծառայողներու վերապատրաստումը: