Ֆիզիքական թէ մտային ծանր աշխատանքէ ետք իսկապէս օրհնութիւն է հանգիստը։ Կա՞յ այս կեանքին մէջ ապրող մարդ մը, որ հանգիստի կարիք չզգար, կամ գէթ անոր կարեւորութեան չ՚անդրադառնար։ Յաճախ գիշերուան քունը անբաւարար է, անգամ, եւ անոր յատկացուած ժամը կարճ կը թուի, երբ մարմինը իր կարողութենէն աւելի յոգնութիւն կրած է օրուան ընթացքին։
Մարդը հանգիստի մղելու եւ անոր անհրաժեշտութիւնը զգացնելու համար չափազանցութիւն ըլլայ թերեւս ըսել, թէ Աստուած ի՛նք ալ հանգիստ ըրաւ։ Աստուածաշունչի առաջին էջերը կը վկայեն այդ մասին. «Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը աւարտեց ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն» (Ծն. 2.2)։ Իր սեփական հանգիստին համար չէր այնքան աստուածային այս «հանգիստը», որքան՝ դաստիարակչական իմաստով մարդուն սորվեցնելու, թէ՝ յարատեւ աշխատանքը եւս իր ժխտական անդրադարձը կրնայ ունենալ մարդկային կեանքին վրայ։
Հին Կտակարանի ժողովուրդին համար Ուխտի համազօր երեւոյթ եղաւ Շաբաթ օրուան սուրբ պահպանումը, իբրեւ Աստուծոյ հանգիստին օրը եւ, հետեւաբար, Անոր ընծայուած սուրբ օր մը։ Աստուածաշունչին մէջ Ան կը հրահանգէ ըսելով. «Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։ Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. բայց եօթներորդ օրը Տիրոջ՝ քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը. որովհետեւ Տէրը վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա» (Ել. 20.8-11)։
Այս պատուիրանին հաւատարմութիւնը գէթ ձեւականօրէն ու տառացի կերպով գործադրեց Հին Ուխտի ժողովուրդը, որուն գործնական արտայայտութիւնները այնքան շեշտուած կերպով կը տեսնենք մինչեւ իսկ Յիսուսի ապրած օրերուն։
Այնուամենայնիւ, Շաբաթ օրուան հանգիստին մասին եբրայեցի ժողովուրդին սխալ ըմբռնումը Յիսուսի կողմէ մնայուն կերպով ձաղկումի առարկայ դարձաւ, ամէն յարմար առիթի։ Իր աշակերտներուն Շաբաթ օրով ցորենի հասկեր կորզելը երբ քննադատուեցաւ փարիսեցիներուն կողմէ, Յիսուս իրենց ազգային պատմութենէն օրինակներ բերաւ, երբ իրենց «օրինաւոր» թագաւորը՝ Դաւիթ, սուրբ պահուելիք այդ օրուան ընթացքին Աստուծոյ տունը մտաւ եւ առաջաւորութեան հացը կերաւ (հմմտ. Մտ. 12.1-7)։ Նոյն օրը, ժողովարանէն ներս պատահած գօսացած ձեռքով մարդուն բժշկութեան դրուագին մէջ, երբ Յիսուս առաջքը կ’առնէ անոնց քննադատութեան, աւետարանիչը կ’ըսէ, թէ արդէն իր հակառակորդներէն «շատեր կը սպասէին՝ տեսնելու, թէ Յիսուս Շաբաթ օրով պիտի բժշկէ՞ մարդը, որպէսզի ամբաստանեն զայն» (հմմտ. Մր. 3.2)։ Եւ Յիսուս բժշկելէ ետք հիւանդը, շուրջը հաւաքուած հրեաներուն կ’ուղղէ իր խօսքը, օրէնքին ուժով դաստիարակելով զանոնք. «Մեր օրէնքը Շաբաթ օրով ի՞նչ ընել կը թոյլատրէ. բարի՞ք գործել, թէ չարիք, կեանք մը փրկե՞լ, թէ կորսնցնել» (Մր. 3.4)։
Ուրիշ առիթով, երբ Յիսուս Բեթհեզդայի սրահներէն մէկուն մէջ, հրաշագործ աւազանին եզրին երեսունութ տարիներէ ի վեր պառկած անդամալոյծը բժշկեց անոր ըսելով, որ իր մահիճը առնէ եւ տունը երթայ, հրեայ ղեկավարներ դարձեալ դժգոհեցան, եւ բժշկուողին ըսին. «Օրը Շաբաթ է եւ օրէնքին դէմ է մահիճդ շալկելը» (հմմտ. Յհ. 5.1-18)։ Աւետարանին մէջ յիշուած է նաեւ, որ ժողովրդապետը նոյնիսկ կը բարկանայ բժշկուելու եկողներուն վրայ ըսելով. «Շաբթուան մէջ վեց օր կարելի է աշխատիլ, ուստի այդ օրերուն եկէք եւ բժշկուեցէք եւ ո՛չ թէ Շաբաթ օր» (հմմտ. Ղկ. 13.14)։ Մարդիկ նոյնիսկ աչքերը բացուած կոյրը փարիսեցիներուն տարին, որպէսզի քննութեան ենթարկեն, որովհետեւ «օրը Շաբաթ էր, երբ Յիսուս ցեխ շինած էր եւ կոյրին աչքերը բացած» (հմմտ. Յհ. 9.14)։ Իսկ փարիսեցիները եզրակացուցին ըսելով. «Այդ մարդը չի կրնար Աստուծմէ ըլլալ, քանի Շաբաթ օրը չի պահեր» (հմմտ. Յհ. 9.16)։
Ահաւասիկ մանրամասնութիւններ եբրայեցիներու սկզբունքայնութենէն՝ Շաբաթ օրուան սուրբ պահպանման առնչութեամբ։ Մինչեւ նոր ժամանակներ, ազգայնամոլութեան ու կրօնամոլութեան միջեւ շփոթահար վիճակով, նոյն ժողովուրդը կը ջանայ պահպանել նախնիներու աւանդութիւնը։ Շաբաթ օրով տնային տարրական աշխատանքները չկատարելու ցուցամոլութիւնը եթէ մէկ կողմէ իրենց ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն ազգայնականութիւնը մխթելու համար է, միւս կողմէ ոչ ազգակիցներուն դիմաց ցուցադրութիւն է, որ երբեմն կը յանգի անոնց նախանձի գրգռումին։
Տարօրինակ կերպով, սակայն, Շաբաթ օրուան համար դրուած արգելքներուն ցուցակէն դուրս մնացած է սպանութիւնը եւ առհասարակ տարրական ու բարի աշխատանքներու հետ կապուած եղած է Աստուծոյ «հանգիստին» հետ առնչուած այս օրուան համար նշուած կանոնը…։
Օրինակը այնքան ցցուն է ու ակնբախ, որ կարելի չէ անտեսել ու աչքխփուկով մը անցնիլ անոր առջեւէն։
2006ի այս ամրան, Լիբանանի վրայ իսրայէլեան օդային, ծովային ու ցամաքային ներխուժման դէմ բարձրացած միջազգային բողոքը ի վերջոյ յաջողեցաւ կրակմարի ժամկէտ մը ճշդել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ։ Զինադուլի որոշումը կայանալէն ետք, պէտք է անցնէին երկու օրեր, պաշտօնապէս դադրեցնելու համար կողմերու միջեւ ռմբակոծումները։ Այդ երկու օրերն էին Շաբաթ եւ Կիրակի…։ Ամբողջ երեսուն օրեր տեւած ահռելի ռմբակոծումներուն պատճառած աւերներէն ու մարդկային զոհերէն շատ աւելին խլեցին ու պատերազմի չափանիշ արձանագրեցին վերոյիշեալ Շաբաթ օրուան իսրայէլեան օդուժին կատարած յարձակումները…։ Ո՞ւր էին դպիրները, օրէնքի ուսուցիչներն ու փարիսեցիները, որպէսզի յիշեցնէին Աստուծոյ ժողովուրդին կնքած Ուխտը։ Ցեղապաշտական ցուցադրութիւնները միայն այր մարդոց գլխածածկոյթին, կամ մօրուքներու երկայնքն ի վար պտըտուող ոլորուն մազախուրձերուն մէջ պէտք չէ սահմանափակել, այլ՝ Աստուծոյ պատուիրաններուն հաւատարմութեան սկզբունքին մէջ։ Բայց այդ հաւատարմութիւնը վաղո՜ւց խախտած էր «չար ու շնացող ազգ»ը, այնպէս, ինչպէս կ’որակէ զիրենք Յիսուս (հմմտ. Մտ. 12.39)։ Ուրեմն սեփական խղճի «նոր օրէնք»ով, Շաբաթ օրով ոճիր գործելը արտօնուա՞ծ է։