ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Քանտըլիզա Ռայս Միջին Արեւելք ժամանեց, արաբ-իսրայէլեան տագնապը լուծելու կարելիութիւնները քննելու համար:
Ռայս պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Իսրայէլ եւ պաղեստինեան շրջաններ։
Ռայսի այցելութեան նախօրեակին, Կազայի մէջ, պաղեստինեան իշխանութեան կառավարութիւնը իր հակակշռին տակ առած «Համաս»ի զինեալները բախումներ ունեցան «Ֆաթհ»ի զինեալներու հետ, մինչ Արեւմտեան Ափի մէջ, «Ֆաթհ»ի հետեւորդներ կրակ տուին «Համաս»ի գլխաւորած կառավարութեան գրասենեակներէն մէկը։
Աւելի ուշ, «Ֆաթհ»ի եւ «Համաս»ի ապահովական ուժերը բախումներ ունեցան Կազայի մէջ՝ ամսավճարներու ուշացման հարցին պատճառով։ Բախումները խլեցին առնուազն ութ զոհ եւ 50 վիրաւոր։
Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ կոչ ուղղեց «մէկդի դնել տարակարծութիւնները եւ պատասխանատու ըլլալ»։
Երկուշաբթի օր համեմատական խաղաղութիւն կը տիրէր շրջանին մէջ: