
Հայ Կեանք
ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Ամերիկեան Նպաստամատոյցի տեղեկագրէն. Թիֆլիսէն Պոլիս հասած է Պ. Սաֆրաստեան, որ Զաւէն պատրիրքին այցելած եւ հաղորդած է, թէ հիւսիսային Կովկասէն ցարդ վաթսուն հազար հայ գաղթականներ Թիֆլիս հասած են եւ ուրիշներ ալ կը սպասուին։ Թշուառութիւնը եւ անօթութիւնը ծայր աստիճան են։ Գաղթականներուն մէկ մասը Գանձակ եւ մէկ մասը՝ Հայաստան գացած են։ Հայաստանի կառավարութիւնը շուարման մատնուած է ուտեստի եւ բնակարանի չգոյութեան պատճառով։
ՀԱՅ ՈՐԲՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Աշխարհի գուլպայի ամէնափոքր գործարանը, բայց Պոլսոյ ամենամեծը, Արնաւուտ գիւղի աղջկանց արհեստանոց-որբանոցն է։ Օրական յիսուն զոյգ գուլպայ կը հայթայթուի Պոլսոյ աւելի քան ինը հազար հայ որբերու։ Գործարան ըսելով, պէտք է հասկնալ սենեակ մը, ուր կան մէկ քանի մեքենաներ։ Բայց աղջիկները այնքան վարպետ դարձած են, որ որբանոցը մեծապէս կը տնտեսէ իր ծախքերը։
ՀԱՅ ՈՐԲԵՐԸ ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ
Ամերիկեան Նպաստամատոյցի Կեսարիոյ որբանոցի տնօրէնը հետեւեալը կը գրէ այն երեք հազար հայ որբերու մասին, որոնք կը գտնուին Ս. Կարապետ վանքին մէջ.
«Քանի մը ամիս առաջ, Կեսարիոյ մեր մեծ որբանոցին որբերը վանքը փոխադրուեցան։ Սիրուն է վանքի կեանքը։ Նախապէս վանականները ունին եղեր պարտէզներ եւ մեծ աւազան մը։ Պարտէզները երեսի վրայ ձգուած են, բայց աւազանը նորոգեցինք, մեծ ուրախութիւն պատճառելով տղոց եւ բոլոր պաշտօնեաներուն։
(Յապաւուած)
Յունիս 20, 1922, թիւ 863