ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական ընկերային ցանցերու եւ զանազան երկիրներու լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ Ատրպէյճան այս տարուան Ապրիլին գաղտնօրէն զինամթերք մատակարարած է Ուքրանիոյ զինուորականներուն:
Ըստ բացայայտուած փաստաթուղթերու՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կից գործող CIHAZ արդիւնաբերական հաստատութիւնը հռթիրներ ուղարկած է ուքրնական «Ուքրսպեցեքսփորթ» պետական ընկերութեան: Բեռնափոխադրումը իրականացուցած է «Մերիտիըն» օդանաւային ընկերութիւնը՝ Սուտանի Խարթում քաղաքէն՝ Լեհաստան, իսկ այնտեղէն՝ Ուքրանիա:
«Այսպէսով, Ատրպէյճան (եւ որոշ չափով նաեւ Թուրքիա) ուղղակիօրէն կը մասնակցին Ուքրանիոյ զինուած ուժերու բարձր ճշգրտութեամբ հրթիռներով զինելուն՝ հակառակ իրենց յայտարարած չէզոքութեան», կը գրէ ռուսական կայք մը:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումէն ամիս մը առաջ, Ռուսիա եւ Ատրպէյճան «Դաշնակցային գործակցութեան մասին» հռչակագիր մը ստորագրած էին: