Աւելի քան 270 հայորդիներով «CARNVAL» նաւը բարձրացանք, Ուրբաթ, կ.ե. ժամը 4:30ին: Ամէն մարդ իր սենեակը տեղաւորուելէ ետքը ընթրիքի գացինք, որովհետեւ 24 ժամ ճաշարանի սպասարկութիւն կար: Յաջորդ օրը հասանք “LA ENCINADA”, ուր ժողովուրդը ազատ էր գնումներ ընելու եւ այլն: Իրիկունը պարահանդէս ունեցանք, ժամը 9:30ին ատենապետ զօր. Ժան Քէօսէեան, բացման խօսքը կատարելէ ետք հրաւիրեց սիրուած երգիչ Ճորճ Պաղտոյեանը եւ երաժշտագէտ Անդրանիկ Մուրատեանը, որոնք կատարեցին էսթրատային երգեր զանազան լեզուներով եւ շուրջպարեր ղեկավարութեամբ Սարօ Ասատուրեանին: Խրախճանքը տեւեց մինչեւ գիշերուան 11:30ը, ապա ժողովուրդին բուռն փափաքին ընդառաջելով, պատուոյ ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան բեմ բարձրանալով փունջ մը առակներ պատմելէ ետք 30 վայրկեան ալ ձկան երաժշտութեամբ խանդավառեց ներկաները, երաժշտագէտ Անդրանիկ Մուրատեանին ընկերակցութեամբ: Կիրակի առաւօտ ժամը 10ին D.V.D.-ով ցուցադրուեցան տեսարաններ Պատմական Հայաստանէն եւ յատկապէս հերոսական Ուրֆայէն: Յետմիջօրէին հայկական պարերու դասընթացք մը տեղի ունեցաւ, ղեկավարութեամբ Սարօ Ասատուրեանին:
Եղան նարտիի եւ պլոթի մրցախաղեր, նարտիի ախոյեան հանդիսացաւ Վազգէն Թերզեան, իսկ պլոթի ախոյեաններ հանդիսացան զօր. Ժան Քէօսէեանը եւ Վազգէն Թերզեանը, իսկ իրիկունն ալ նախորդ օրուան պարահանդէսին շարունակութիւնը տեղի ունեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:
Երկուշաբթի առաւօտ ժամը 9ին ամէն մարդ պայուսակը առած նաւուն հրաժեշտ տուաւ եւ անհամար շնորհակալութիւններով նաւէն դուրս եկաւ: