ՇԱՐԼԸԹ (Հիւսիսային Քարոլայնա)․- Հինգշաբթի, 18 Օգոստոսին, մեկնարկը տրուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Շրջանի 101րդ Պարգամաւորական ժողովին, որ տեւեց մինչեւ Կիրակի, 21Օգոստոս։
Առաջին անգամ ըլլալով Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգին մէջ՝ կազմակերպութեամբ նորակազմ «Նայիրի» մասնաճիւղին։
Հիւրերու շարքին էին նաեւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, որ փոխանցեց իր պատգամը։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը, որուն անդամներն են՝ Քարոլին Շմաւոնեան (Փենսիլվենիա), Թալին Տաղլեան (Նիւ Ճըրզի), Քարոլ Ճաֆարեան (Մեսեչուսեց), Իրմա Գասապեան (Ուաշինկթըն), Մէյրի Անտոնեան (Ֆլորիտա), Մարկըրիթ Պապիկեան-Մետինա (Նիւ Ճըրզի) եւ Սեդա Աղամեանց-Խալիկեան (Մեսեչուսեց)։