ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մեկնաբանելով Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած կապերը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան «իրական ցանկութիւնները որեւէ կապ չունին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ»։ Լուրը հաղորդեց ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը։
«Ասիկա եւրոպացիներուն կեղծ նախաձեռնութիւնն է: Անիկա աւելի նման է միջնորդութեան դափնիներու անամօթ իւրացման: Մենք կ՛աշխատինք իբրեւ միջնորդներ, եւ այդ աշխատանքը յստակ արդիւնքներ կու տայ, կողմերն ալ համապատասխանաբար կը գնահատեն այդ», ըսաւ Զախարովա` շարունակելով. «Եթէ մէկը ինքնիրեն իբրեւ միջնորդ կը ներկայացնէ, այդպիսին չհանդիսանալով, ըստ ամենայնի, ան որեւէ բան չի կրնար առաջարկել եւ կ՛ուզէ պարզապէս ցոյց տալ իր մասնակցութիւնը: Ընդհանուր առմամբ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ Պրիւքսէլ կորսնցուցած է իր դիւանագիտական հմտութիւնները»:
Ըստ Զախարովայի՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ առարկայական բանակցութիւնները կ՛ընթանան Մոսկուայի, եւ ոչ թէ Պրիւքսէլի միջնորդութեամբ:
«Իսկ խօսելով Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ խաղաղ համաձայնագիրի վերջնական բնագիրի մշակումով զբաղող աշխատանքայի խումբի կազմութեան մասին տեղեկատուութեան՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մեր գործընկերներէն մենք նման որեւէ տեղեկութիւն չենք ստացած», շեշտեց ան:
Ասոր զուգահեռ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարին հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցերու եռակողմ աշխատանքային խումբը (Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներուն մասնակցութեամբ) զգալիօրէն յառաջ գացած է պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման հարցով։
Ըստ անոր` խումբը կ՛աշխատի հետեւողական կերպով, սահմաններու սահմանազատման հարցերով հանդիպումներուն հետ միաժամանակ: Բառացիօրէն, այս օրերուն տեղի ունեցած են հերթական շփումները: Կողմերը զգալիօրէն յառաջ գացած են պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման առումով։
Լաւրով յոյս ունի, որ պայմանաւորուածութիւնները կը ձեւակերպուին շատ մօտիկ ապագային, ինչ որ, ըստ անոր, յատկապէս կարեւոր է: «Այս աշխատանքը կը կատարուի ոչ թէ դատարկութեան մէջ, ոչ թէ մեկուսացուած, այլ սերտօրէն կապ ունի հաղորդակցութեան աւելի լայն նախագիծերու հետ, ներառեալ` Հիւսիս-հարաւը, որմով Իրանի մեր գործընկերները նոյնպէս հետաքրքրուած են», նշեց Լաւրով` աւելցնելով, որ գործնական առումով այդ գործընթացին մէջ զգալի յառաջընթաց կայ: