ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- ԱԺ պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեանը (26 ընտրատարածք) իր թիկնազօրի անդամներուն հետ Հոկտեմբեր 8ին, ժամը 18ի սահմաններուն, Արարատի մարզի Հայանիստ գիւղի մօտ գտնուող «Հայռուսկազարդ» կազի բաշխիչ կայանի տարածքին մէջ զէնքի գործադրումով կատարած է խուլիգանութիւն, որու ընթացքին կայանի անվտանգութիւնը ապահովող եւ Յակոբեանին պատկանող կազի լիցքաւորման կայաններուն կողմէ ապօրինի գործունէութիւնը կանխող անձերուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրուած է:
Միջադէպի ընթացքին վիրաւորուած եւ հիւանդանոց տեղափոխուած է 4 հոգի:
Ըստ Գլխաւոր դատախազութեան աղբիւրներու հրապարակած տեղեկատուութեան, ԱԺ պատգամաւոր Յակոբեանը եւ իր երեք թիկնապահները ձերբակալուած են: