ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 3 Սեպտեմբերին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայութեամբ՝ կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկական երգչախումբը նշեց իր հիմնադրութեան 5ամեակը: Հանդիսութեան ներկայ էին երգչախումբի վարչութեան անդամները, խնամակալութիւնը եւ երգչախումբի անդամներու ծնողները:
Հանդիսութեան սկիզբը երգչախումբի անդամներէն երկու պատանիներ արտասանեցին բացման խօսք՝ փոխանցելով երգչախումբի առաքելութեան նպատակը եւ ներկայացնելով վեհափառի օրհնութեամբ հինգ տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած յաջողութիւնները:


Ապա, երգչախումբի անդամները հակիրճ յայտագիրով մը ներկայացուցին Ս. պատարագի երգեցողութենէն հատուածներ եւ Բարսեղ Կանաչեանի կտորներէն պատառիկներ:
Հանդիսութեան աւարտին, կաթողիկոսը իր հայրական խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը եւ բարձր գնահատանքը յայտնեց երգչախումբի խմբավար Զաւէն վրդ. Նաճարեանին, վարչութեան, խնամակալութեան եւ յատկապէս անդամներու ծնողներուն:
Վեհափառը շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է զանազան միջոցներով մեր ժողովուրդի մշակութային արժէքները պահպանել, ծաղկեցնել ու տարածել: