ՄԱԿը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց, որ աշխարհը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ ապրուստի մակարդակին մէջ 5 տարուան նահանջ արձանագրած է: Կազմակերպութիւնը յայտնեց, թէ մտավախութիւն ունի, որ Ուքրանիոյ պատերազմը եւ հետզհետէ աճող կլիմայական աղէտները առաւել եւս բարդացնեն կացութիւնը:
ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրին պատրաստած ուսումնասիրութեան մէջ կը նշուի, որ 30 տարի առաջ որդեգրուած մարդկային զարգացման ցուցանիշը, որ նկատի ունենէր կեանքի միջին տարիքը, կրթութիւնը եւ ապրուստի մակարդակը՝ վերադարձած 2016ի մակարդակին:
Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ այս «հսկայական նահանջը» արձանագրուած է աշխարհի երկիրներու առաւել քան 90 առ հարիւրին մէջ:
«Այս կը նշանակէ, որ կանուխ կը մահանանք, մեր ստացած կրթութիւնը նուազ է եւ մեր եկամուտը նուազած է: Այս երեք արժեչափերով կարելի է գաղափար կազմել մարդոց յուսահատութեան, ընկճուածութեան եւ ապագային նկատմամբ մտահոգութեան մասին», յայտնեց ՄԱԿի վերոնշեալ գործակալութեան նախագահ Աքիմ Շթայնզ: