ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին, հազարաւոր լիբանանցիներ մասնակցեցան Կիրակի օր սպաննուած 21 տարեկան ցուցարարի մը թաղման արարողութեան, մինչ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հրաժարականը պահանջելու նպատակով ցոյցերը կը շարունակուէին մայրաքաղաքին մէջ:
Շիիներու «Ամալ» շարժումի համակիրներէն Ահմատ Մահմուտի թաղման արարողութեան ընթացքին խօսք առնելով, ընդդիմադիր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն դատապարտեց նստացոյցէն տուն վերադարձող քաղաքացիներուն վրայ գործուած յարձակումը, որու ընթացքին սպաննուած էր ցուցարարը եւ վիրաւորուած էին ուրիշներ։
Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ իրերայաջորդ օրերու ընթացքին բախումներուն լոյսին տակ, լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը Երեքշաբթի օր շարունակեցին իրենց տարածումը, սակայն բանակի հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյման ազդարարեց, թէ կացութիւնը կրնայ հակակշռէ դուրս ելլել եւ աւելցուց, թէ կացութիւնը կրնայ հասնիլ հոն, ուր երկրին զինուորական ուժերը պիտի չկրնան քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորել:
Մինչ մէկ կողմէ «Հըզպալլա»ի ու միւս կողմէ կառավարութեան համակիր պատկերասփիւռի կայանները հակառակորդ կողմը կացութեան պատասխանատու կը նկատէին, վարչապետ Սինիորա կը պնդէր, թէ հրաժարելու նպատակ չունի:
Կառավարութեան համակիր տիւրզի երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթ Երեքշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին քննադատեց «Հըզպալլա»ն ու անոր ընդհանուր քարտուղարը, սակայն միաժամանակ շեշտեց երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Ընդդիմութիւնը կը պնդէ, թէ երկխօսութեան պիտի վերսկսի միայն ներկայ կառավարութեան հրաժարումէն ետք:
Միւս կողմէ, վարչապետարանին շուրջ բարձրացող վրաններուն թիւը հասած է 400ի, ինչ որ կը նշանակէ, որ հոն գիշերող եւ նստացոյցին մաս կազմող քաղաքացիներուն թիւը հետզհետէ աւելի կը բարձրանայ։
Ընդդիմութեան որոշումով, աշխատանքային օրերուն ընթացքին ցոյցերը երեկոյեան ժամը 6ին պիտի սկսին, որպէսզի անոնք նուազագոյն վնասը հասցնեն երկրին տնտեսութեան: