
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Երեւանի «Փիւնիկ»ը, որ կը մասնակցի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»ի մրցաշարքին, Հինգշաբթի օր Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սլովաքիոյ ախոյեան խումբը՝ Պրաթիսլաւայի «Սլովան»ը, Ը. Խմբակի մրցումներու ծիրին մէջ։
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` շնորհիւ միջնապահ Արտակ Դաշեանի (35րդ) եւ նիկերիացի յառաջապահ Եուսուֆ Օթուպանժոյի (36-րդ) նշանակած կօլերուն: Այս վերջինին հոյակապ կօլը ընտրուեցաւ շաբթուան լաւագոյնը։
Նշենք, որ «Սլովան»ի կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ եւ ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան:
«Այս յաղթանակը նուիրում ենք մեր զինուորներին: Տղաներ, մենք ձեզ հետ ենք: Մենք կը փորձենք ինչ-որ դրական բան փոխանցել հայ ազգին: Միասնական պէտք է լինենք տխրութեան եւ ուրախութեան պահերին», յայտարարեց մարզիչ Մելիքեան:
Նոյն մրցաշարքի Դ. խմբակին մէջ, գերմանական «Քէօլըն»ի մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան իր խումբին առաջին կօլը նշանակեց Չեխիոյ «Սլովացքօ» կազմին դէմ։ Մրցումը աւարտեցաւ «Քէօլըն»ի 4-2 յաղթանակով։
