ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ՝ մանրամասնութիւններ տալով Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ սանձազերծուած յարձակումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին մասին:
Փաշինեան նշեց, որ, հակառակ սահմանի յարաբերական հանգիստին` իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած:
Ւստ Էլիզէի պալատէն փոխանցուած տեղեկութեան՝ Մաքրոն վերահաստատեց Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, նաեւ պատրաստակամութիւնը` նպաստելու երկխօսութեան ու խաղաղութեան:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած Հայաստանի դիմումին շուրջ քննարկումներուն: Փաշինեան ընդգծեց տեղի ունեցածին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը: