Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան 19 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ Ճափոնի դեսպան Մասանորի Ֆուքուշիմայի հետ, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը:
Հանդիպումին մասնակցեցան Հայաստան-Ճափոն խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամներ Ծովինար Վարդանեան, Հերիքնազ Տիգրանեան եւ Լուսինէ Բադալեան:
Արշակեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց 13 Սեպտեմբերին, ատրպէյճանական զինուժին յարձակումներուն մասին՝ շեշտելով, թէ վստահելի ապացոյցներ կան, որ Ատրպէյճան կը պատրաստուի նոր յարձակման՝ ընդլայնելով աշխարհագրութիւնը, նաեւ՝ Նախիջեւանի կողմէ՝ ոտնձգութիւն կատարելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ:
Դեսպանը նշեց, որ Ճափոնի կառավարութեան պիտի ներկայացնէ այն տեղեկութիւնները, զորս ստացաւ Հայաստանի եւ Արցախի վիճակին մասին:
Pashinian must boost army size and military readiness to protect
homeland; Russian armament proved lower in Ukraine versus
western. Forbidden to look other sources as Azerbaijan does, we are
automatically CONDEMN TO LOSE; Armenia MUST BE ALLOWED
TO LOOK OTHER SOURCES, IN CASE OF REFUSAL, GET OUT FROM ANY
USELESS ORGANIZATIONS, FORBIDDING TO DEFEND OURSELVES, OR,
ACCEPT IN ADVANCE LOSING TOTAL ARMENIAN TERRITORY TO
AGGRESSOR NEIGHBORS. *THIS IS NOT ACCEPTABLE, EVERY ONE HAS
THE RIGHT TO DEFEND ITSELF*. PARLIAMENT MUST PASS DEFENSE ACT
IN CASE OF “NOT ABLE”, MUST DISSOLVE. *NOBODY IS ABOVE ARMENIA
EXISTENCE*, WHO EVER OPPOSES MUST PERISH MERCILESS BEFORE,
ARMENIA LIVES FOREVER.