«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի վնասուած շինութեան մասնակի փլուզման պատճառով վիրաւորուեցան երեք քաղաքացիներ: Լուրը հաստատեց Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հայկ Կոստանեան՝ դիտել տալով, որ վիրաւորները հաւանաբար տարածքի աշխատակիցներն են։
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Սուրմալու»ի կիսաքանդ պատի փլուզման պատճառով երեք վիրաւորներէն երկուքը շտապ օգնութեան ինքնաշարժով, իսկ երրորդը անձնական միջոցով տարուած են բժշկական կեդրոններ: