ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Հինգ հանրապետական եւ նոյնքան դեմոկրատ մասնագէտներ բաղկացած Իրաքի ուսումնասիրութեան խմբակը Չորեքշաբթի,՝ Դեկտեմբեր 6ին հրապարակեց իր ուսումնասիրութեանց արդիւնքները, զայն նախագահ Ճորճ Պուշի ներկայացնել ետք:
Ըստ տեղեկագրին, Իրաքի կացութիւնը յոյժ մտահոգիչ է եւ օրըստօրէ կը վատթարանայ ու քաոսային վիճակի մը առաջքը առնելու համար կ’առաջարկուի վարքագիծի անմիջական փոփոխութիւն:
Հոն կ’առաջարկուի այսուհետեւ շեշտը զինուորական գործողութիւններու փոխարէն դնել դիւանագիտական քայլերու վրայ, որոնց շարքին պէտք է ըլլան Սուրիոյ եւ Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւնները:
Մասնագէտները նաեւ կ’առաջարկեն ամերիկեան ճակատող ուժերու աստիճանական նահանջ 2008էն սկսեալ եւ կը շեշտեն, թէ այսուհետեւ շեշտը պէտք է դրուի Իրաքի ապահովական ուժերը մարզելու աշխատանքներուն վրայ:
Պուշ խոստացաւ լրջօրէն քննել առաջարկները եւ հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին վեց տարիներուն անտեսած էր դեմոկրատները, ան Չորեքշաբթի օր կոչ ըրաւ անոնց, որ գործակցին կառավարութեան հետ, միացեալ ճակատ մը կազմելու համար Իրաքի հարցով:
Իրաքի մէջ, Չորեքշաբթի օր արձանագրուած բախումներուն զոհ գացին առնուազն տասը քաղաքայիններ: Ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ ըմբոստները նախանցեալ օր Պաղտատի մէջ յարձակում մը գործած են ամերիկեան բանակի շրջուն ջոկատներէն մէկուն վրայ՝ սպաննելով ամերիկացի զինուոր մը եւ վիրաւորելով հինգ ուրիշներ։ «Երկուշաբթի օր հարաւային Իրաքի մէջ ինքնաշարժի արկածի մը զոհ գացած է այլ ամերիկացի զինուոր մը», ըսաւ հրամանատարութեան բանբերը: