ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանիոյ դեսպանը կանչուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր փոխանցուեցաւ Անգարայի խիստ բողոքը, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը «կոյուղիի առնէտ» կոչած գերմանացի պատգամաւորին դէմ։
Իշխող համախմբումին մաս կազմող Ուուլֆկանկ Քուպիցք նշեալ համեմատութիւնը կատարած էր, երբ կը քննադատէր գաղթականներու՝ դէպի Եւրոպա հոսքը կասեցնելու նպատակով եւրոպական առատաձեռն աջակցութիւններ ստանալու Էրտողանի քայլերը։