ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, վեցերորդ օրը ըլլալով՝ Պէյրութի Նահատակաց եւ «Ռիատ Սոլհ» հրապարակները յետմիջօրէին լեցուեցան ընդդիմադիր ուժերու համակիրներով, որոնք հաստատ շեշտով պահանջեցին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հրաժարականը, սակայն վարչապետարանին պատերը կը մնային խուլ եւ այնպէս կը թուէին, որ անոնք երբեք պիտի չանսան օրական դրութեամբ հարիւր հազարաւոր լիբանանցի քաղաքացիներուն կոչերուն եւ պիտի շարունակեն անտեսել վարչապետարանը պաշարած բոլոր վրանները։
Արդարեւ, վարչապետը Չորեքշաբթի օր բանակցութեանց սեղան վերադառնալու կոչ ըրաւ ընդդիմադիրներուն, որոնք քանի մը առիթներով արդէն իսկ շեշտած են, թէ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին կառավարութեան հրաժարումէն ետք միայն:
Միւս կողմէ՝ քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներէն երեւան ելաւ նաեւ թրքական նախաձեռնութիւն մը՝ Լիբանանի տագնապին լուծման համար։ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի այս մասին տեղեակ պահուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին։
Կը նախատեսուի նաեւ, որ սէուտցի պատուիրակ մը հասնի Լիբանան՝ յատուկ նախաձեռնութեամբ մը։
Վերոնշեալ երկու հաւանական նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ եգիպտականը կը մնան քննարկումի ծիրին մէջ, մինչդեռ ընդդիմութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ շաբաթներուն եւս շարունակել իր բաց նստացոյցը, որպէսզի ներկայ կառավարութիւնը հրաժարի եւ կազմուի նոր՝ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը։
Քաղաքական շրջանակներ կը յայտնեն, թէ ընդդիմութիւնը անբաւարար կը համարէ Սինիորայի այն առաջարկը, թէ 24 նախարար ունեցող ներկայ կառավարութիւնը պէտք է վերածել 30 հոգինոց կառավարութեան մը, որուն նախարարներէն ինն կամ տասն ընդդիմութեան անդամներ պիտի ըլլան, իսկ մէկ կամ երկու ուրիշներ՝ չէզոք: