ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Հոկտեմբեր 11ին ընդունեց տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերով նախարար Ճէֆ Հունը:
Ողջունելով հիւրը՝ Օսկանեան բարձր գնահատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները Միացեալ Թագաւորութեան հետ՝ նշելով Հայաստանի ցանկութիւնը զանոնք աշխուժացնելու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս, ԵՄ Նոր հարեւանութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս:
Խօսելով Հայաստան-ԵՄ գործողութիւններու ծրագիրի մասին, նախարար Օսկանեան ընդգծեց Հայաստանի մտադրութիւնը ծրագիրի հետագայ արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու մասին եւ հայկական կողմի ակնկալութիւնները Եւրոպական յանձնաժողովէն ու ԵՄ անդամ երկիրներէն:
Ճէֆ Հուն ներկայացուց իր այցելութեան հիմնական նպատակները՝ ընդգծելով հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ Միացեալ Թագաւորութեան շարունակական երկխօսութիւնը եւ միացեալ ծրագիրներու իրագործումը:
Զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային հարցերուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն՝ Թուրքիոյ ԵՄին անդամակցութեան գործընթացի ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման գործընթացին:
Նոյն օրը նախարար Օսկանեան ընդունեց ԵԽ գլխաւոր քարտուղարութեան իրաւական հարցերով գլխաւոր տնօրէն Կի տը Վէլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Զրուցակիցները քննեցին Հայաստանի իրաւական դաշտին, իրաւական ոլորտին կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման գործընթացները եւ ԵԽ ծիրէն ներս յառաջիկայ գործունէութեան Հայաստանի մասնակցութեան առնչուող հարցերը:
Հիւրի խնդրանքով, նախարարը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հարցի ներկայ ընթացքը: