ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ, ինը ղեկավարները Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ), որուն կազմին մէջ են նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները, հանդիպում ունեցան Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: Հանդիպման ներկայ էին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Պելոռուսի, Ղազախստանի, Խըրխզիստանի, Մոլտովայի, Ռուսիոյ, Տաճիկիստանի եւ Իւզպեքիստանի ղեկավարները:
Այս հանդիպման ընթացքին, իրենց երկիրներուն միջեւ առկայ հակամարտութեան մասին խօսելով՝ միմեանց բախեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները՝ միւս մասնակիցներուն, յատկապես Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայութեան: Ալիեւի յայտարարութիւնները լեցուն էին կեղծիքներով: Ան սուտ կը խօսէր, երբ ըսաւ, որ «2020ի պատերազմէն ետք, Հայաստան տեղադրած է Հայաստան արտադրուած 1400 հակահետեւակային ականներ Լաչինի շրջանի սահմանին մօտակայքը, 2021ին: Ատրպեճանական մէկ դիրքէն միւսը տանող ճամբաները նոյնպէս ականապատուած են»: Ան պնդեց, որ «բախումները եւ անոնց գործուն փուլը տեւած են առաւելագոյնը ութ ժամ», թէեւ Ատրպէյճան մինչ օրս կը շարունակէ խախտել հրադադարի կանոնը: Ան ստեց նաեւ՝ ըսելով, որ «Ատրպէյճան մտադրութիւն չէ ունեցած բռնագրաւելու Հայաստանի տարածքը, ինչպէս ոմանք կ՛ենթադրեն»: Ան անտեսեց այն փաստը, որ ատրպեճանական բանակը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի սահմաններէն ներս, իր նախորդ՝ 12 Մայիս 2021ի ներխուժումէն ի վեր:
Ալիեւ փորձեց հաճոյանալ Փութինին՝ պնդելով, որ «ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ, կ՛ուզեմ շեշտել, որ հրադադարի առաջարկով հանդէս եկաւ ռուսական կողմը: Ոմանք այդ կը վերագրեն այլ երկիրներու, ինչ որ բացարձակապէս անհիմն է: Ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ, բախումները, ինչպէս ըսի, դադրեցան»: Ալիեւ, այսպիսով, հակասեց այն լուրերուն, թէ Միացեալ Նահանգներն էր, որ միջնորդած էր հրադադարի հաստատման: Ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ Ատրպէյճան «վճռականօրէն մերժած է» Եւրոպական միութեան առաջարկը՝ սահմանի ատրպեճանական կողմը քաղաքացիական առաքելութիւն տեղադրելու մասին: «Այդ պատճառով, առաքելութիւնը կը տեղադրուի Հայաստանի տարածքին վրայ», ըսաւ ան:
Ալիեւ սուր կերպով քննադատեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որ համակրական արտայայտութիւններ ունեցած է Հայաստանի հասցէին: Ալիեւ դժգոհեցաւ այն բանէն, որ Մաքրոն «վիրաւորական, անընդունելի, կեղծ եւ սադրիչ յայտարարութիւններ ըրած է…։ Ան մեղադրած է Ատրպէյճանը սարսափելի պատերազմ մղելու մէջ…»: Ալիեւ անգամ մը եւս փորձեց գոհացնել Փութինը՝ ըսելով, որ Մաքրոն կողմնակալ յայտարարութիւններ ըրած է Ռուսիոյ դաշնութեան դէմ երբ ըսած է՝ «Ռուսիա խաղացած է ատրպեճանական խաղը»: Ասոր իբրեւ հետեւանք, Ալիեւ ըսաւ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ ինք կը մերժէ Ֆրանսայի միջնորդական հետագայ որեւէ դերակատարութիւն: Ան նաեւ դժգոհեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի հակա-ատրպեճանական յայտարարութիւններէն եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Ղարաբաղը ճանչցող ու «Նոյեմբերի կէսերուն Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ պատրաստուող» երկրորդ բանաձեւէն: Ան այս զարգացումներուն մեղքը բարդեց «Ֆրանսայի Հայկական Սփիւռք»ին վրայ՝ իր ունեցած ազդեցութեան համար:
Ալիեւ Հայաստանը մեղադրեց՝ Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուներուն դէմ «սադրանքներ» կազմակերպելու մէջ: Ան կեղծօրէն պնդեց՝ «մենք կասկած չունինք, որ ահաբեկչութիւնն ու աւերածութիւնը կազմակերպուած են Հայաստանի կողմէ: Ինչո՞ւ այս կ՛ըսեմ: Որովհետեւ 1990ականներուն հայկական յատուկ ծառայութիւնները (Ատրպէյճանի մէջ) իրականացուցած են 32 ահաբեկչական գործողութիւն՝ պայթումներ մեթրոյի, փոխադրակառքերու, լաստանաւերու եւ շոգեկառքերու մէջ: Այդ զարհուրելի ահաբեկչական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք զոհուած է աւելի քան 2000 ատրպէյճանցի բնակիչ»:
Այնուհետեւ, Ալիեւ փորձեց ղարաբաղեան հակամարտութիւնը վերածել կրօնական պատերազմի՝ հայերը մեղադրելով «ատրպէյճանցի ժողովուրդին եւ ամբողջ իսլամական աշխարհին նկատմամբ ծայրայեղ ատելութեան» համար, մոռնալով, որ Հայաստանն ու հայերը ջերմագոյն յարաբերութիւններ ունին իսլամական բազմաթիւ երկիրներու հետ:
Ալիեւ հերթական անգամ ստեց՝ պնդելով, որ Ատրպէյճան կատարած է «պատերազմէն ետք Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագիրին բոլոր դրոյթները»։ Սակայն, ահաւասիկ պատերազմէն երկու տարի անց, տասնեակ հայ ռազմագերիներ կը շարունակեն մնալ Պաքուի բանտերը: Ան նաեւ ստեց այն մասին, որ Հայաստան չ՛ապահովեր «Ատրպէյճանի անարգել մուտքը դէպի Նախիջեւան»: Բայց, Հայաստան բազմիցս յայտարարած է նման ճամբայ մը տրամադրելու պատրաստակամութեան մասին, մինչդեռ Ատրպէյճանն է, որ չէ արձագանգած:
Ալիեւ եզրափակեց իր ելոյթը՝ յայտարարելով, որ իր «համբերութիւնը անսահմանափակ չէ», եւ սպառնաց, որ եթէ չստանայ այն, ինչ կը պահանջէ Հայաստանէն, ապա՝ «մեզի այլ տարբերակ չի մնար, քան՝ գործել համապատասխանաբար»:
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցաւ վարչապետ Փաշինեան՝ հակադարձելով Ալիեւի սուտերուն:
Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումը կոչելով «չհրահրուած ռազմական յարձակում Հայաստանի դէմ»՝ Փաշինեան դատապարտեց ատրպէյճանցի զինուորականները ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու մէջ՝ Ժընեւի համաձայնութեան խախտումով եւ հայ ռազմագերիները մահապատիժի ենթարկելով:
Փաշինեան նաեւ մեղադրեց Ատրպէյճանը «Հայաստանէն յաւելեալ տարածքներ գրաւելու» մտադրութեան համար: Ան մեղադրեց տարածաշրջանային ապահովութեան կազմակերպութիւններուն (Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան-ՀԱՊԿ) անբաւարար արձագանգը…, որ «շատ սուր հարցեր յառաջացուցած է հայ հանրութեան շրջանակէն ներս»: Ան հարցուց՝ արդեօք ՀԱՊԿ կը ճանչնա՞յ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն սահմանները…
Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճան միայն հիմա կ՛ուզէ գիտնալ 1990ականներու Արցախի պատերազմին ընթացքին անհետ կորսուած ատրպէյճանցի զինուորներուն ճակատագիրին մասին՝ բացայայտելով, որ այդ պատերազմէն ետք կորսուած կը նկատուին 777, իսկ 2020ի պատերազմէն ետք՝ 217 հայեր:
Փաշինեան քննադատեց Ատրպէյճանը՝ վերջինիս եւ Նախիջեւանի միջեւ կապող համաձայնեցուած ճամբան կեղծօրէն «միջանցք» որակելուն համար: Ան ըսաւ, որ թէեւ 2020ի յայտարարութեան մէջ «յստակ կը յիշուի» Լեռնային Ղարաբաղը, Ատրպէյճան կը պնդէ, որ անիկա «գոյութիւն չունի»:
Փաշինեան պատասխանեց նաեւ Ալիեւի այն կեղծ պնդումին, թէ Հայաստան ականապատած է ատրպեճանական տարածքները՝ 2020ի պատերազմէն ետք: Փաշինեան յայտարարեց, որ «նման ականապատում տեղի ունեցած է ամբողջութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ, եւ մեր իրաւունքն է ձեռնարկել ապահովական որոշ քայլերու՝ պաշտպանելու համար մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Փաշինեան նաեւ հակադարձեց Ալիեւի այն կեղծ պնդումին, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը կը կրէ կրօնական բնոյթ: Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի սերտ յարաբերութիւնները մահմետական բազմաթիւ երկիրներու հետ: Ան հերքեց, որ Հայաստան յարձակում կազմակերպած է Ատրպէյճանի դեսպանատուներուն դէմ, օտար երկիրներու մէջ: «Ո՞ւր են ապացոյցները», հարցուց ան:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Փաշինեան անգամ մը եւս խօսեցաւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան իր անհիմն ակնկալիքներուն մասին՝ հաշուի առնելով Հայաստանի նկատմամբ անոնց շարունակական թշնամութիւնը: Կարելի չէ խաղաղութիւն ձեռք բերել մէկ կողմէ, մինչ միւս կողմը կը փորձէ սպաննել քեզ…
Թշնամին, որ անընդհատ կը յարձակի վրադ եւ ատրճանակը կ՛ուղղէ գլխուդ, չի կրնար խաղաղութեան յուսալի գործընկեր նկատուիլ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ