Մեկնելով այս ճշմարիտ սահմանումէն՝ փոքրիկ յառաջաբան մը:
Պարերգը մարդկային քաղաքակրթութեան առաջին նուաճումներէն է. իր նախնական փուլին մէջ ուրիշ բան մը չէ՝ բացի մարդկային ռիթմիկ շարժում, որուն կը միանայ մարդկային ձայնը, աւելի ուշ՝ երաժշտութիւնը: Յաջորդող հազարամեակներուն եւ քաղաքակրթութեան հոլովոյթին հետ երբ կը ստեղծուի հաւաքական կեանքը, կը զարգանայ մարդու հոգեկան եւ մտային աշխարհը եւ զգացողութեան հետ նաեւ ճաշակը: Պարերգին այս երկու բաղկացուցիչներու ներդաշնակ զարգացումով կը ստեղծուի ժողովրդային երգ ու պարի մշակոյթը, որուն բովանդակութիւնը ցոլքն է ամէն ցեղի եւ ժողովուրդի իւրայատուկ բարքերուն, հաւաքական եւ մտերիմ զգացողութիւններուն:
Բարձրագոյն ճշմարտութիւն է, որ մշակոյթը կը ստեղծուի իր հողին վրայ, եւ սա բնական երեւոյթ է, սակայն այդ մշակոյթով կրնան սնիլ ու զարգանալ եւ ստեղծագործել հողէն դուրս ապրողներն ալ: Սփիւռքի տարածքին հայկական երաժշտութիւնը, երգն ու պարը մեր հողն են, մեր հայրենիքը:
Արդարեւ «Լիլիա» մանկապատանեկան պարախումբը Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2006ին Կլէնտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ ստեղծեց հայրենի հողը, հայրենիքը՝ իր 16 տարուան շքեղագոյն պարացանկով:
Սրահը լեցուն էր ամբողջութեամբ:
Երկու մասերէ բաղկացած հայկական թէ միջազգային 28 պարերու համերգը սկսաւ հայկական հարսանեկան պարով: Հայկական պարերու շարան մըն էր, որու երաժշտութեան առաջին հնչիւններուն հետ խանդավառութեան ալիք մը տարածուեցաւ սրահէն ներս եւ համակեց մեզ յայատագրի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին: Համերգը օրհնեցին եւ առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարեմաղթանքները փոխանցեցին Պարթեւ Ծ. վարդ. Կիւլումեան եւ Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան:
Ապա, օրուան համերգավարը՝ Թագուհի Արզումանեան (փոխտնօրէն «Լարք» երաժշտանոցի) ջերմ ողջոյններ յղելէ ետք իւրաքանչիւր հանդիսատեսի, շարունակեց՝ «”Լիլիա” պարային սթիւտիոյի միջոցով ձեզ է ներկայացուելու ինչպէս միջազգային, այնպէս էլ հայկական աւանդական պարը, այն պարը, որ աշխարհի բեմերով անցել, շատ յաղթանակներ է տարել եւ բազում հոգիներ ջերմացրել: Այն պարը, որ արտայայտութիւնն է հայոց հեզաճկուն աղջիկների նրբին հոգու եւ հայոց խրոխտ այրերի մաքառումներով լի անկոտրում կամքի, որի մէջ առկայծում է մեր ժողովրդի կենցաղը»:
Այնուհետեւ շարան-շարան եկան ու պարեցին հարիւրէ աւելի բողբոջ ու կոկոն տարիքի տղաք ու աղջիկներ, պարման-պարմանուհիներ: Գեղարուեստօրէն արտայայտիչ մեր «Նազ պար»ը, «Ազգագրական»ը, «Պարմանի» եւ «Մանիր» (վերջին երկուքը յղացում Սօնա Աւետիսեանի), «Շալախօ»ն, «Քոչարի»ն, «Բալենի»ն, Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէէն «Թամպուրիներու պարը», «Թամզարա» եւ դեռ շատ ու շատ պարեր պարուեցան նազանքով, կշռոյթով, սահանքով, կիրքով, կիրթ ու յղկուած պարային ոստումներով ու մանաւանդ հասկնալով իւրաքանչիւր պարի հոգին ու պատմութիւնը:
Թէ՛ փոքրերը եւ թէ մեծերը նոյն ոգեւորութեամբ ու թափով մեզի ներկայացուցին նաեւ տարբեր ժողովուրդներու՝ ինչպէս յունական, գնչուական եւ մէկէ աւելի ամերիկեան պարեր, արժեւորելով այդ ազգերու մշակոյթը, եւ զայն բաժնեցին բոլորիս հետ:
Գերազանց հատուած մըն էր Արմէն Անտոնեանի եւ իր պարազոյգի «Սալսա» պարը՝ իր իսկ յղացումով:
Գնչուներու պարը նոյնպէս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, քանի նոյն կէտի վրայ հանդիպած էին պարը, երաժշտութիւնը եւ տարազներու ճոխ գեղեցկութիւնը:
Ելոյթը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Լիլիա Մարգարեան յայտնուեցաւ Վարդուհի Խաչատր-եանին հետ: Եւ երկուքով կախարդեցին մեզ: Այո՛, պարարուեստը ունի իր խստապահանջ օրէնքները: Հայ կնոջ գլխու շարժումները, աչքերը, իրանը, թեւերու գիծերը, ձեռքերն ու մատները ունին իւրայատուկ նշանակութիւն, որոնցմով կը մեկնաբանուի պարի բնոյթը: Եւ մենք իրազեկ դարձանք Լիլիայի կարողականութեան: Ան ոչ միայն լաւ պարող է, այլեւ լաւ պարուսոյց եւ քորէօկրաֆ: Արժէ հոս յատուկ շեշտել, որ համերգի 24 պարերու բեմադիրը ինքն էր՝ Լիլիա Մարգարեան: Իւրաքանչիւր ժողովուրդի վերաբերող ազգային ճաշակով տարազները նոյնպէս Լիլիա Մարգարեանի յղացումն էին:
Այնուհետեւ Գագիկ Բադալեան հանդէս եկաւ երկու երգերով՝ արժանանալով բոլորի ջերմ գնահատանքին:
Շնորհալի համերգավարը Պարոյր Սեւակի եւ Գէորգ Էմինի դիպուկ տողերու ընդմէջէն փոխանցեց պատգամը մեր քերթողներուն, յիշեցնելով նաեւ, թէ անհնար է հայ արուեստը պատկերացնել առանց Խաչատուր Աւետիսեանի, որ Առնօ Բաբաջանեանի բնորոշումով՝ իր երգին մէջ դրած է իր հոգիին մէջ ամբարած ողջ կրակը:
Պատահական չէր ուրեմն, որ 9 Յուլիս 2006ին, «Լիլիա» պարախումբը մայր հայրենիքին մէջ, Սպենդիարեանի անուան օփերայի սրահին մէջ ունեցած իր սքանչելի ելոյթով գրաւեց սիրտը հայրենի հանդիսատեսին, որ ուրախութեան եւ յուզումի արցունքը ունէր իր աչքերուն մէջ: Հայրենի ժողովուրդը ցանկութիւն յայտնած է, որ խումբին 20ամեայ յոբելեանը նոյնպէս կատարուի Հայաստանի մէջ, որպէսզի այդ հրաշք մանուկները իրենց արուեստը ներկայացնեն նաեւ իրենց պապերու եւ հայրերու հայրենիքին մէջ:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն մատնանշած եմ տարբեր խումբերու պարագային, այսօր եւս աղջիկները կը կազմէին պարախումբի գերակշռող մասը: Ո՞ւր էին տղաքը: Թող գա՛ն միանան ու զարգանան պարարուեստի շունչին տակ, թող յղկուի իրենց գեղարուեստական ճաշակը: Տղոց ներկայութիւնը առաւել կշիռ, հմայք եւ թռիչք կու տայ պարուսոյցի յղացումներուն:
Ես քաջածանօթ եմ այս իրողութեան, քանի ինքս 30 տարի գեղարուեստական ղեկավարն եմ եղած Գահիրէի «Սարդարապատ» պարախումբին: Պարը մինչեւ պար դառնալը ի՛նչ փուլերէ կ’անցնին թէ՛ պարողը եւ թէ պարուսոյցը:
Քանի մը սեղմ տողերու մէջ կ’ուզեմ անդրադառնալ «Լիլիա» պարախումբի կենսագրական կարեւոր հանգրուաններուն:
Հայ եւ միջազգային պարերու քրմուհին՝ Լիլիա Մարգարեան, ծնած է Երեւան: Ան փոքր տարիքին ցուցաբերած է յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն դէպի հայ պարարուեստը: 1978ին կ’ընդունուի Սայեաթ Նովայի անուան պարարուեստի ուսումնարանը: Լիլիային ուսուցիչներն էին այնպիսի հմուտ պարուսոյցներ, ինչպիսիք են Պաւլինա Բուռնազեանը եւ Սօնա Աւետիսեանը, Փայլակ Սարգսեանը եւ Յովիկ Խաչիկեանը: 1986ին Լիլիա կ’աւարտէ ուսումնարանը գերազանց վկայականով: Այնուհետեւ շուրջ երեք տարի կը պարէ պետական «Կռունկ» պարախումբին մէջ՝ ղեկավարութեամբ Ազատ Ղարիբեանի: Լիլիան պարախումբի մենապարուհիներէն էր եւ բազմաթիւ արտասահամանեան ելոյթներ ունեցած է: 1989ին ընտանեօք կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ: Որպէս պարուսոյց կը պաշտօնավարէ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանին մէջ, նոյն տարին կը ղեկավարէ «Արարատ» միութեան «Բերդ» պարախումբը: 1990ին Լիլիա կը հիմնէ իր սեփական պարարուեստի դպրոցը Կլէնտէյլի մէջ, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր հայրենանուէր գործը: Ներկայիս պարուսոյց է «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանին մէջ:
Ուրախութեամբ կ’իմանանք, թէ ան Փասատինայի մէջ հիմնած է պարարուեստի երկրորդ դպրոցը, որուն դուռները բաց են պար սիրողներուն համար: Ի զուր չէ ուրեմն, որ այդ երեկոյ համերգի աւարտին հանդիսատեսը ծաղկեփունջերով եւ երկար ծափողջոյններով գնահատեց Լիլիան եւ անձնուէր գործադիր անդամները:
Մրցանակներ տրուեցան 16 եւ 10 տարի խումբին մաս կազմող պարողներուն, որոնց թիկունքին ամուր կանգնած են ծնողներն ու նուիրեալ անձինք:
Գեղեցիկ արարողութիւն մըն էր, որմէ ետք դարձեալ հնչեց համերգավարին ձայնը եզրափակիչ սա խօսքերով.
«Թող արուեստի մոգական ուժը միշտ «Լիլիա» պարային համոյթի հետ լինի եւ նա շարունակի իր առաքելութիւնը այն փոթորկայոյզ ծովի մէջ, որ մեր կեանքն է, քանի դեռ սփռուած ենք աշխարհով մէկ»:
Հաճելի անակնկալ մըն ալ յղացած էր պարախումբի թիկունքին կանգնած բազմաթիւ ծնողներէն մէկը՝ Վերժինէ Սեւոյեան. ան ներկայ բոլոր կիներուն հրամցուց մէկական վարդ՝ այդ կերպ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար: