7 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վայոց Ձորի մարզպետ Արարատ Գրիգորեան անդրադարձաւ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ դիտել տուաւ, որ սահմանին իրավիճակը յարաբերաբար խաղաղ է. Ջերմուկի մէջ որեւէ միջադէպ չէ արձանագրուած. քանի մը օր առաջ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է թեթեւ միջադէպի մը մասին, բայց ընդհանուր առմամբ վիճակը խաղաղ է:
Դիրքային կորուստներու մասին տեղեկութիւններուն Գրիգորեան չպատասխանեց՝ յորդորելով այդ հարցումերը ուղղել պաշտպանութեան նախարարութեան:
Գրիգորեան ըսաւ, որ թշնամին կը շարունակէ մնալ նոյն տեղը։ «Մեր տեղեկութիւններով թշնամին շարունակում մնալ նոյն տեղում, բայց եթէ ԳՇ պետը աւելի լաւ է տիրապետում, բան չեմ կարող ասել, ամէն դէպքում մենք անզէն աչքով տեսնում ենք ադրբեջանցիներին իրենց տեղում, Ջերմուկից դա հնարաւոր է տեսնել», ըսաւ ան:
Գրիգորեան աւելցուց, որ ատրպէյճանցիներուն ներկայութիւնը անհանգստութիւն կը յառաջացնէ բնակիչներուն մօտ: «Քաղաքացիների հետ համապատասխան աշխատանքները պաշտպանունակութեան առումով արուած է, եթէ որեւէ արտառոց իրավիճակ ստեղծուի, կը փորձենք ճշգրիտ պատասխան տալ», ըսաւ ան:
Լրագրողներու դիտարկման՝ որ, ըստ բանակի ընդհանուր հրամանատարին, ատրպէյճանցի խումբը ետ քաշուած է, արդեօք ինք եւ հրամանատարը նոյն խումբերուն մասի՞ն կը խօսին՝ Գրիգորեան ըսաւ, որ չի կրնար պատասխանել այդ հարցումին։ «Իր հետ կարող էք ճշդել, թէ որ խմբին է նկատի ունեցել, երբ ասել է, որ յետ են գնացել», յայտնեց Գրիգորեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ ատրպէյճանցիներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական կողմի դիեր ըլլան՝ Գրիգորեան ըսաւ. «Չեմ կարծում, որ դա իրական է. իմ տեղեկութիւններով՝ անվտանգութեան համապատասխան աշխատակիցները պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համաձայնեցուած ամբողջ տարածքով անցել են եւ ոչինչ չեն յայտնաբերել, այն տարածքներում, որը մենք ենք դիտարկում, որեւէ բան չեն տեսել»: