Ամերիկայի Արեւմտեան ափի «Համազգային»ի երաժշտական միաւորը, լոյս ընծայելէ ետք մանկական, հայկական երգերու երեք որակաւոր խտասալիկներ, յաջորդաբար լոյս ընծայեց նաեւ (դաշնակի վերծանումներու կերպարի տակ, դաշնակահար՝ Արմէն Բաբախանեան) Սայեաթ Նովայի երգերէն քաղուած նուագներու խիտ ձայնապնակը (որուն անդրադարձանք «Ասպարէզ»ի 12 Սեպտեմբերի համարով), ինչպէս նաեւ, նոյն անուանի դաշնակահարին կատարմամբ, Կոմիտասի դաշնամուրային ամբողջական գործերուն նուիրուած զոյգ խտասալիկներու տրցակը (HMZ 110)։ Ստորեւ՝ տրցակին առաջին սկաւառակին մասին։
Մեր մեծագոյն երաժշտագէտ-երգահան, հայ գեղջկական երգի անջրպետին գիւտարարը եւ հայ բազմաձայնութեան ոլորտներուն ստեղծիչ Կոմիտաս ծանօթ է հանրութեան առաւելաբար իր աննման երգերով, ինչպէս «Կանչէ կռունկ», «Հով արէք», ինչպէս նաեւ իր հանճարափայլ խմբերգներով։ Այսուհանդերձ, ցարդ շատերուն անծանօթ մնացած են իր դաշնամուրի ստեղծագործութիւնները, ուր, թէեւ չկայ երգեցողութիւն, սակայն անոնք եւս հայ երգ ու պարի ոգին ցոլացնող եւ հայ հոգիի կեդրոնէն ցայտող հրաշալիքներ են։ Այս դաշնակի նուագներուն մեծ մասը զմրուխտեայ հայկական պարեր են, նաեւ, նորահաս երաժիշտներու հայ երգին նախաճաշակ տալու եւ անոր հետ մտերմութիւն հաստատելու միտող համեստ բայց անխօս մրմունջներ են, որոնց հայաշունչ բոյրէն ու համէն մեծ ու փոքր երաժիշտ եւ ունկնդիր չեն կրնար կշտանալ։
Ի դէպ, լոյս ընծայուած կապոցը կը բաղկանայ երկու խտասալիկներէ։ Անոնցմէ առաջինը կը բովանդակէ դաշնակի համար կատարուած փոխադրութիւններէ (մշակումներ)՝ Կոմիտասի 20ի չափ երգերու, «Հաբրբան»էն մինչեւ «Կռունկ» եւ «Ծիրանի ծառ», նման՝ Սայեաթ Նովայի երգերէն կատարուած դաշնամուրային մշակումներուն, ինչպէս տեսանք մեր նախկին յօդուածով։ Այս շատ վարպետօրէն կատարուած հիւթեղ մշակումներուն հեղինակներն են հայրենի դաշնակահար-յօրինողներ Գէորգ Սարաջեան եւ Ռոպերթ Անդրէասեան։ Կապոցին երկրորդ խիտ սկաւառակը, ուղղակի դաշնամուրի համար ստեղծած Կոմիտասի գործերն են, որոնց քննութիւնը պիտի կատարենք յաջորդիւ։ Այս զոյգ խտասալիկներուն կ՚ընկերանայ 40 էջնոց ներդիր գրքոյկ մը. ան կը պարունակէ երկլեզու ուսումնասիրութիւն-ծանօթագրութիւն մը այս բոլոր դաշնակի կտորներուն մասին. ուսումնասիրութիւնը կը կրէ Պ. Ալահայտոյեանի ստորագրութիւնը։
Այսօր պիտի խօսինք, հակիրճ կերպով, Սարաջեանի եւ Անդրէասեանի կողմէ դաշնակի վերծանուած կոմիտասեան նուագներուն մասին։
Դաշնակը, որպէս՝ բազմաձայն, մեղեդային-հարուածային, եւրոպական նուագարան, փարթամ եւ բազմածիր հնարաւորութիւններու շտեմարան մըն է, որուն սակայն, եթէ չմօտենանք լրջախոհութեամբ եւ զգաստութեամբ՝ զայն «հայկականացնելու» աշխատանքի ընթացքին, մեր բնաշխարհի երգերն ու պարերը անհարազատ պիտի հնչեն մեր հոգիին եւ զգայնութեան: Ի դէպ, դաշնակը ունի այնպիսի բարդ եւ նուրբ արտայայտչական կարելիութիւններ, այնպիսի փայլուն եւ հարուստ ներդաշնակումներու միջոցներ, որ նոյնի՛նքն Կոմիտաս, զայն իր չքնաղ երգերուն իբրեւ ընկերակից ընտրելէ անդին, անոր նուիրած է նաեւ նուագարանային եզակի, անստգիւտ կոթողներ, որոնց պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ։
Անդրէասեան եւ Սարաջեան կը մեկնին արդէն իսկ Կոմիտասի բազմաձայնած երգերէն՝ փորձելով զանոնք արդիականացնել եւ, որոշ չափով ալ՝ բեմականացնել, շնորհելով երգային հայ մեղեդիներուն, դաշնակին ընձեռած կարելիութիւններուն շնորհիւ, անհամեմատօրէն ճոխացած բովանդակութիւն եւ հարմոնիք (ներդաշնակագիտութեան հիմքերով) զգեստաւորում։ Այսուհանդերձ, այս բարդ գործողութիւններուն բովէն ընդնշմարելի եւ ճանաչելի են, բոլոր 19 կտորներուն մէջ ալ, հայկական զուլալ մեղեդիները եւ անոնց շնորհուած կոմիտասեան սկզբնական բազմաձայնութեան վաւերական դրոյթի հիմնական կառոյցը։
Կոմիտասի երգերուն արդիականացած մշակումներուն նուիրուած սոյն խտասալիկը կը պարունակէ Անդրէասեանէն 7 եւ Սարաջեանէն 12 դաշնամուրային կտորներ։
Երկու հեղինակներն ալ հմայուած են Կոմիտասի պարզ եւ ուրախ երգերով, ինչպիսին են «Հաբրբան», «Հոյ Նազանի», «Կաքաւի երգը», որոնք, ի դէպ, կարելի է զարդարել բարձր թեքնիք պահանջող զարդախաղերով։ Արդարեւ, այդ երգերուն անպաճոյճ պարզութիւնը պատրուակ ծառայած է, երկու հեղինակներուն մօտ ալ, խիստ քմայքոտ, զաւեշտաբոյր եւ թեւաւոր՝ նուագարանին յատուկ պաճուճանքներ շնորհելու այս երեք երգերուն՝ մէկը միւսէն տարբեր եւ հիւթեղ հնարքներով, խանդով ու աւիւնով կենդանացած։ Խաղը եւ զուարթամտութիւնը միացած են ստեղծագործական երեւակայութեան, որոնց միջոցով վերակերտուած են կոմիտասեան այս բոլորին սիրելի երգերը՝ առանց բառերու։
Ոճային տեսակետէ, Սարաջեանի մօտ հակում կայ կոմիտասեան բներգին ամբողջութիւնը պահելու, նոյնիսկ եթէ (օրինակ «թեթեւ» կտորներուն մէջ) յանկարծ հոն կը սպրդին երգիծանկարային զարտուղի ձայնախումբեր, մինչ Անդրէասեանի մօտ բներգը պահած է, ընդհանուր առմամբ, իր խիտ ու խիստ երգային նկարագիրը։
Ասոնց հակապատկերով կը ներկայանան «Քելէր ցոլեր» կամ «Ծիրանի ծառ»ի նման ծանր երգերու գործիքային վերամշակումները. խորհրդածութեան եւ խորասուզումի առաջնորդող այս երգերու բազմաձայնութիւնը մեզի կ՚ընծայէ ուրիշ կարգի երաժշտական վայելքներ, ուրկէ ի հարկէ բացակայ են խաղն ու զուարճութիւնը։ Այս, երկու տարբեր սեռերու, թեթեւահոգի եւ խստամբեր, երգերու փունջը նուագուած է անբաղդատելի ճարտարութեամբ դաշնակահար Արմէն Բաբախանեանի կողմէ։
Այս դաշնամուրային մշակումներուն ծանրակշիռ յղացքները կը կազմեն Ռ. Անդրէասեանի «Գարուն ա»ն եւ «Ծիրանի ծառ»ը, իսկ Սարաջեանի՝ «Կռունկ»ը, «Օրօրոցային»ը եւ մանաւանդ հոգեզմայլ «Քելէր ցոլեր»ը։
Մեր բեմերու նմայուն զարդերէն է անկասկած Անդրէասեանի մշակած «Գարուն ա»ն։ Հեղինակը նոյնութեամբ պահած է Կոմիտասի նոյնանուն կտորին ներածականը։ Բուն թեման կը հոլովուի բներգ-փոփոխակներ դասական դրոյթով։ «Գարուն ա»ի թեման կը գոյացնէ հայոց Արարատ լեռը իր զոյգ Մասիսներով (ներդիր գրքոյկին մէջ բացատրած ենք թէ ինչպէս)։ Ռ. Անդրէասեանի մշակումը մեզի կը փոխանցէ մեր սիրած եւ գիտցած «Գարուն ա»ի ամբողջական հմայքը։ «Ծիրանի ծառ»ի մշակումը յագեցած է վիպապաշտ քնարերգական զեղումներով իր փարթամ, ալեծածան եւ հեշտաբոյր բաբախումներով։ Գալով մեր պաշտելի «Կռունկ»ին, ըստ մեզի ան… անդաշնակելի է։ Սարաջեան, մեզի քաջածանօթ «Կռունկ»ի մեղեդիին բաղադրամասերուն մէջ ներառած է փայլատակող, ճեպընթաց, դժուարամերձ ֆանթեզիներ (Շոփէնի ոճը յիշեցնող), որոնք կտորին մելամաղձոտ նկարագիրը բարեփոխած են բեմական ճոխ գունաւորումներով։ «Օրօրոցային»ը մեկնակէտ ունի Ռ. Պատկանեանի «Քուն եղիր բալա» խօսքերուն վրայ Կոմիտասի յօրինումը։ Մինչ Կոմիտաս «կ՚օրօրէ» իր ունկնդիրը մէկ հատիկ անրջաբոյր դասոյթով (երգեհոնային ոճ), Սարաջեանի մօտ պահուած ձայները քակուած են. անոնք կը հնչեն միապաղաղ, քնաբեր, խաղաղաբոյր ղօղանջներու նման։
Այս մշակումներու գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Կոմիտասի անպեղելի հրաշալիքը եղող «Քելէր ցոլեր իմ եարը» երգին, նոյնքան զմայլելի Սարաջեանի դաշնակի փոխադրումը։ Քիչ անգամ՝ զսպուած, լեռնացած թախիծը, այսպիսի ուժգնութեամբ եւ ազնուականութեամբ ժայթքած է։ Սարաջեան Կոմիտասի փոքրամարմին գլուխգործոցը վերածած է փառաւոր, մօտ 8 վայրկեան տեւող ճարտարապետութեան՝ առանց անդամահատելու Կոմիտասի սրբատաշ մասունքը, այլ միայն օգտուելով դաշնամուրի ընձեռած լայն հնարաւորութիւններէն։
Ահա հրաւէր մը դաշնակահարներուն հայ երգանուագին հետ մտերմանալու, եւ ապա՝ զայն ծանօթացնելու, լայն լսարան ունեցող բեմերէն՝ արար աշխարհին։
ANNA ES EM ANNAN
MY NAME IS ANN