Խորհրդարանի ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնը պիտի մասնակցի Ազգային ժողովի յառաջիկայ շաբաթուան նիստերուն։ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս հաստատումը կատարած է խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան` շեշտելով, որ այս չի նշանակեր, թէ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան դէմ պայքարը պիտի չշարունակուի:
«Փողոցում, այլ ձեւաչափի պայքարի միջոցները կիրառուելու են Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան դէմ, նրա շարունակականութիւնը կասեցնելու դէմ, բայց այս պահին կը լինենք նաեւ խորհրդարանում», գրած է Թովմասեան՝ շեշտելով, որ իրենց դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն չէ եղած եւ իրենց ձեռքին տակ եղած ամբողջ գործիքակազմը պիտի օգտագործեն իշխանութիւններու հեռացման համար:
Տակաւին յստակ չէ, թէ «Հայաստան» խմբակցութիւնը եւս կը վերադառնա՞յ խորհրդարան, թէ ոչ. խմբակցութիւնը որեւէ յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած: