15 Նոյեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցան:
«Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, մասնաւորաբար, 7 Նոյեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ անոր հետեւած եռակողմանի հանդիպման վերաբերեալ։
Պլինքըն դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապի լուծման մէջ:
Փաշինեան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու ջանքերը եւ նախարար Պլինքընի անձնական ներգրաւուածութիւնը:
Զրուցակիցները պայմանաւորուեցան շարունակել քննարկումները տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած քայլերուն, որոնց կարգին մարդասիրական հարցերու կարգաւորման վերաբերեալ։