27էն 30 Հոկտեմբեր օրերը յիշատակելի ու տօնական օրեր եղան Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար։ Արդարեւ, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձին առիթով, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը վայելեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի այցելութիւնը եւ միասնաբար, եկեղեցական արարողութեամբ ու հանդիսաւոր ձեռնարկներով տօնակատարեց այս հանգրուանային առիթը։
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Առաջնորդ սրբազանը Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամանեց Սան Ֆրանսիսքօ եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Դշոյեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեանի կողմէ: Նոյն երեկոյեան, ան հրաւիրուեցաւ ծխական համայնքի ամսական դրութեամբ կազմակերպուող ընտանեկան հաւաքին ու ընթրիքին, որուն ներկայ էին աւելի քան 300 հոգի:
Երեկոն խանդավառեց սիրուած երգիչ եւ երաժիշտ Յարութը, ներկաները ճաշակեցին ընտանեկան երեկոյի յանձնախումբի տիկիններուն պատրաստած համեղ ճաշերը: Խրախճանքի աւարտին, հիւրընկալ տիկինները եկեղեցւոյ 40ամեակի յատուկ կարկանդակը բերին, ապա առաջնորդ սրբազանը, հովիւն ու ատենապետը միասնաբար կտրեցին զայն:
Խօսք առնելով, սրբազանը շնորհաւորեց ծխական համայնքը. ան շեշտեց, որ այս համայնքը իր կազմութեան օրերէն սկսեալ եղած է տիպար եւ պարտաճանաչ գաղութ: «Համայնքը մեծ եւ բազմանդամ ընտանիք մըն է, որուն անդամները սիրով ու յարգանքով վարուելու են իրարու հետ եւ գործակցելու են ամէն մակարդակի վրայ», յորդորեց ան, վեր առնելով այն իրողութիւնը, թէ անցեալ տասնամեակներուն, սիրոյ եւ գործակցութեան այդ ոգին դրական եւ շօշափելի արդիւնք տուած է ընկերային եւ շինարարական գետնի վրայ:
Առաջնորդ սրբազանին օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ ընկերային հաւաքը:
40 ԱՄԵԱԿԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդ սրբազանը հրաւիրուեցաւ «Սարոյեան» սրահ, հովանաւորելու եւ նախագահելու համար եկեղեցւոյ 40ամեակի գլխաւոր ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյս Տիկնանց միութեան կողմէ: Յատուկ հրաւէրով իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները. ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեան, եկեղեցւոյ Ազգ. երեսփոխանները, հոգաբարձութեան անդամներ եւ պաշտօնէութիւնը:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր եկեղեցւոյ Տիկնաց միութեան ատենապետուհի Արաքս Սարեան, որու բարի գալստեան խօսքէն ետք, ընթացք առաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Հայրենասիրական երգերով յաջող ելոյթներ ունեցան Գէորգ եւ Հելէն Պուրսալեաններ, ապա իր մօր կողմէ դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ, Հելլին Զինտարսեան մեկնաբանեց ժողովրդային երգեր:
Հանդիսավարը յաջորդաբար հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, հոգեւոր հովիւը, վեր. Ճէյմս Գիզիրեանը, Նուպար Տէմիրճեանը եւ ուրիշներ, որոնք արտասանեցին սրտի ու գոհունակութեան խօսքեր: Անոնք սրտաբուխ արտայայտութիւններով եւ գեղեցիկ յուշերով ոգեկոչեցին յիշատակներ եւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան հետ առնչուած դրուագներ: Տէր հայրը կարեւորութեամբ շեշտեց եկեղեցին գործնապէս սիրելու եւ պաշտամունքային կեանքին մասնակցելու կարեւորութիւնը, որուն շնորհիւ եկեղեցին կը պայծառանայ:
Արձանագրուեցան յուզիչ յիշատակներ։ Յայտարարուեցաւ, որ Կարպիս եւ Մայտա Պէզճեան ամոլը եկեղեցւոյ մէջ առաջին պսակուողներն են եղած 1966ին, իսկ առաջին մկրտուած մանուկն էր Քէրըն Զինտարսեան:
Տիկնանց միութեան կողմէ սրահ բերուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 40ամեակի կարկանդակը, զոր միասնաբար կտրեցին սրբազանը, հոգեւոր հովիւը, ատենապետն ու հանդիսավարը։
Հուսկ խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը, որ անգամ մը եւս շնորհաւորեց եկեղեցւոյ ընտանիքը եւ ընդգծեց, որ «քառասունամեակը առիթ ըլլալու է ինքնաքննութեան եւ հոգեկան նորոգութեան։ Ամեակները կ՚արժեւորուին գիտակից նուիրումով եւ նորը ու աւելին կատարելու վճռակամութեամբ»: Սրտապնդիչ այս խօսքերն ու գաղափարները մղիչ ուժ հադիսացան բոլոր ունկնդիրներուն, որպէսզի հոգեպէս գօտեպնդուած՝ ամրօրէն կառչինք մեր հաւատքի եւ գոյութեան միջնաբերդ Հայ եկեղեցւոյ:
«Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» խմբերգով աւարտեցաւ 40ամեակի գլխաւոր ձեռնարկը:
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 29 Հոկտեմբերի առաւօտեան, առաջնորդ սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցւոյ ծխականները ծովածոցի հեռաւոր շրջաներէն եկած էին եկեղեցի, ներկայ գտնուելու Ս. Պատարագին: Բարեպաշտ ժողովուրդին կողքին իրենց յատուկ տեղը կը գրաւէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուոլնաթ Քրիքի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղերու սկաուտները:
Յընթացս Ս. Պատարագի, առաջնորդ սրբազանը իր հոգեւոր պատգամի սկիզբը ողջունեց եւ շնորհաւորեց համայնքի բոլոր միութիւնները, երեսփոխանները, եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը եւ շրջանի ազգ. վարժարանի ուսումնական ու տնտեսական մարմինները, ուսուցչական եւ տեսչական կազմը, եւ բոլորին ազգանուէր գործերուն յաջողութիւն մաղթեց: Ան այս առիթով սրտագին կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն ըսելով, որ միասնաբար լուսաւոր պահենք լոյսով վառուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին խորանը։ Ապա ան անդրադարձաւ Գիւտ խաչի պատմական դէպքին, որուն տօնն էր այդ օրը։ Ան յիշեցուց, որ ինչպէս Հեղինէ թագուհին փնտռեց, գտաւ եւ բարձրացուց Քրիստոսի խաչափայտը, նոյնպէս ալ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքը կանուխէն՝ աւելի քան 40 տարիներ առաջ փնտռեց, գտաւ եւ արժեւորեց Քրիստոսի Ս. Խաչը, Խաչելութեան խորհուրդը եւ առաջին հերթին կանգնեց հայ ճարտարապետութեան ոճին եւ ոգիին հարազատ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Ան գոհունակութիւն արտայայտեց, որ 40 տարիներու արդիւնաշատ աշխատանք ունեցած է եկեղեցին՝ համայնքային կեանքին մէջ: Ան թելադրեց սիրել եւ կապուիլ եկեղեցւոյ, հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ, հիմնադիր սերունդի ջերմ օրինակով եւ հետեւողութեամբ:
Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնի աղօթքով յարգանքով յիշուեցան եկեղեցւոյ հիմնադիր բարերարները, ծառայողները, եւ գործած ու անցած վախճանած հոգեւորականները: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ մեր ծխական համայնքը հաստատամտութեան ուխտով շարունակէ ծառայել Ս. Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ եւ վառ ջահը փոխանցել նոր սերունդին:
«Կիլիկիա» երգի միասնական երգեցողութեամբ աւարտեցաւ Ս. Պատարագը:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԳԶՎ» ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Առաջնորդ սրբազանը Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբերի առաւօտուն ընդառաջեց «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» ազգ. վարժարանի տեսչութեան հրաւէրին, ու անձամբ հովանաւորեց Մշակոյթի ամսուան առիթով աշակերտութեան պատրաստած եւ հայ մշակոյթին ու լեզուին նուիրուած գեղարուեստական յայտագիրը:
Սրբազանը դիմաւորուեցաւ ուսուցչական կազմին եւ ուսումնական ու տնտեսական խորհուրդի անդամներուն կողմէ. ան առաջնորդուեցաւ «Սարոյեան» սրահ, ուր աշակերտները ծափողջոյներով դիմաւորեցին զինք ու ընկերացող շքախումբը:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ վարժարանիս ութերորդ կարգի աշակերտուհիներէն Սալբի Սիահեանի հայ լեզուին ձօնուած խօսքերով: Ապա նախամանկապարտէզէն սկսեալ աշակերտները հանդէս եկան հայերէն երգերով, պարերով եւ հայ լեզուին նուիրուած արտասանութիւններով: Վարժարանի աշակերտական «Ճպուռ» երգչախումբը, տիկ. Սեւան Պալապանեանի ղեկավարութեամբ, չորս երգերով յաջող ելոյթ ունեցաւ, ջերմացնելով ներկաներուն հոգիները:
Յայտագրի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ մատչելի լեզուով եւ աշակերտներուն հետ երկխօսութեան մտնելով, անոնց մատղաշ սրտերուն մէջ դրոշմեց հայ լեզուի եւ գիրի սէրը: Աշակերտները, մեծ թէ պզտիկ, խոստացան շատ սիրել եւ լաւ սորվիլ հայերէնը:
Յայտագիրը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին օրհնութեան աղօթքով:
Սրահէն, սրբազանը, մանկապարտէզի աշակերտներով շրջապատուած, ուղղուեցաւ մանուկներու նորակառոյց խաղավայրը, եւ աղօթքով ու խաչով օրհնեց նոր խաղավայրը: Կէսօրին, ան ճաշեց վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ պատկան մարմիններու հետ, որոնք աւելի ուշ բարի երթ մաղթեցին իրեն։
Առաջնորդ սրբազանին եռօրեայ այցելութիւնը օգտաշատ եւ բարենպաստ եղաւ Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութին համար, որ միշտ ալ գործնապէս յարգած եւ գնահատած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան մէջ եղող իր հոգեւոր առաջնորդները: