Երկրորդ օրը ըլլալով Արցախը շրջափակման մէջ է՝ իր 120 հազար բնակիչներով. շուրջ 1100 անձեր մնացած են ճամբան՝ ձմրան այս ցուրտ եղանակին. 270 մանուկներ հեռու են իրենց ծնողներէն։ Աւելի՛ն, անջատուած է Լիսագոր, Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Եղցահող գիւղերուն կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ: Արցախի տեղեկատուական շտապը կը հաղորդէ, որ այս կապի անջատման պատճառով կրնայ մարդկային մեծ աղէտ ծագիլ, որովհետեւ կարելի չէ կատարել սննդամթերքի, մասնաւորապէս, հացի եւ ալիւրի, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներու մատակարարումը դէպի նշեալ բնակավայրերը:
Շուշիի շրջանի վարչակազմը, ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապին, կը պահէ մնայուն կապ նշեալ համայնքներուն հետ եւ իր կարելին կ՛ընէ այդ համայնքներուն հրատապ կարիքները բաւարարելու նպատակով:
Ստեփանակերտի Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ եղող հիւանդներ, որոնք կարիքը ունին Երեւան փոխադրուելու չեն կրնար սահմանը անցնիլ. անոնց կեանքը մեծապէս վտանգուած է։
Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Արցախի կառավարութեան, Սիւնիքի մարզպետարանին եւ Գորիսի քաղաքապետարանին հետ փոխգործակցութեան իբրեւ արդիւնք ճամբան մնացածները ապաստանած են Սիւնիքի մարզին մէջ, մէկ մասն ալ՝ Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերուն: «Ադրբեջանն այսօրինակ սադրանքով շարունակում է խախտել հազարաւոր քաղաքացիների ազատ տեղաշարժի, բժշկական պատշաճ օգնութեան եւ հումանիտար (մարդասիրական) բնոյթի այլ իրաւունքները», կը նշէ նախարարութիւնը:
Ըստ Արցախի ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարութեան՝ ներկայ դրութեամբ վառելիքի եւ սնունդի պաշարները բաւարար են։ «Հաշուի առնելով Ադրբեջանի սադրիչ գործողութիւններն ու պարէնային ինքնաբաւութեան հետ կապուած մարտահրաւէրները` համապատասխան կառոյցները մշտապէս զբաղւում են պարէնային անվտանգութեան հարցերով եւ վերահսկում սննդի մատակարարման գործընթացը: Պետական լիազօր մարմինները համակարգում են աշխատանքները, որ ընկերութիւնները պահպանեն սոցիալական (ընկերային) պատասխանատուութիւնը եւ չառաջանայ անհիմն գնաճ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Իրենք զիրենք բնապահպաններ կոչող ատրպէյճանցիները երկրորդ օրն է, որ փակ կը պահեն միջանցքը՝ պահանջելով հանդիպում ունենալ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին հետ. անոնք ռուս խաղաղապահներէն կը պահանջեն թոյլ տալ իրենց դիտարկում կատարել Արցախի Մարտակերտի շրջանի` Դրմբոնի ու Կաշէնի հանքավայրերուն մէջ՝ պատճառաբանելով, որ հոն հանքերու ապօրինի շահագործում կը կատարուի։ Անոնք կը պնդեն, որ պիտի չհեռանան, աւելի՛ն` երկրորդ օրը անոնց թիւը աւելցաւ, որովհետեւ անոնց միացան նաեւ այլ ցուցարարներ, ոստիկաններ եւ զինուորական ծառայողներ։
Իսկ ռուս խաղաղապահները Լաչինի միջանցքի այդ հատուածին մէջ նոր վրաններ ու տնակներ կը տեղադրեն։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս դէպքին երկրորդ օրը անդրադարձաւ տեղի ունեցածին՝ հաղորդելով, որ ատրպէյճանական կողմը 12 Դեկտեմբերին փակեց Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին։
Նշուեցաւ, որ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ՝ վերականգնելու քաղաքացիական ինքնաշարժներու անխոչընդոտ երթեւեկը։ Ոչինչ կը նշուի ատրպէյճանական կողմի պահանջներուն կամ բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին։