Ֆրանսիս պապը մտահոգութիւն յայտնց Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող մարդասիրական կացութեան գծով: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը՝ յղում կատարելով «Վաթիքըն Նիուզ»ին:
«Զիս կը մտահոգեն մարդոց մարդասիրական անկայուն պայմանները, մանաւանդ որ անոնք ձմեռնային եղանակին պատճառով կը գտնուին կացութեան յաւելեալ վատթարացման վտանգին տակ», ըսաւ ան:
Հրապարակման մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճան 12 Դեկտեմբերին փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ մայրուղին՝ Լաչինի միջանցքը, այդ պատճառով շուրջ 120 հազար անձեր, ներառեալ՝ 30 հազար մանուկներ մեկուսացուած են, զրկուած ուտելիքէ, դեղորայքէ եւ կենսական անհրաժեշտութիւն ունեցող այլ կարիքներէ:
Ֆրանսիս պապը Կիրակի օր կողմերուն կոչ ուղղեց՝ խաղաղ լուծում գտնելու՝ յանուն մարդոց բարօրութեան: