Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմեց միջազգային հանրութեան` Արցախի ապաշրջափակման համար համարժէք գործիքակազմ մը կիրարկելու խնդրանքով: Այս մասին կը նշուի գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շրջափակման օրէն մինչեւ այսօր բազմաթիւ նամակ-դիմումներ յղած է տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու` տեղեկատուութիւն տրամադրելով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ հայցելով համապատասխան աջակցութիւն` Արցախի ապաշրջափակման համար։
«Շրջափակման պատճառով խախտւում են Արցախի ժողովրդի հիմնարար իրաւունքները: Մարդիկ զրկուած են ազատ տեղաշարժի, պատշաճ բուժօգնութիւն ստանալու իրաւունքից եւ կենսական նշանակութեան ապրանքների մատակարարումից: Ստեղծուած իրավիճակը Ադրբեջանի կողմից տարիներ շարունակ վարուող հայատեաց քաղաքականութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է», յայտարարեց պաշտօնական Ստեփանակերտ:
Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ այս քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին եւ «անվերապահօրէն պէտք է արժանանայ կոշտ արձագանգի»: