ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Սի.Էն.Էն.».- Ըստ Երկուշաբթի օրուան տուեալներուն՝ մօտաւորապէս 50 քաղաքացիներ մահացած են վերջին քանի մը օրերուն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու արեւելեան նահանգները հարուածած ձմեռնային փոթորկին պատճառով:
Զոհերուն մեծ մասը՝ առնուազն 25ը, արձանագրուած է Նիւ Եորքի Իրի գաւառին եւ Պաֆըլօ քաղաքին մէջ:
Մահուան դէպքեր արձանագրուած են առնուազն 12 նահանգներու մէջ, որոնք են՝ Քոլորատօ, Իլինոյ, Քենզըս, Քընթաքի, Միշիկըն, Միզուրի, Նըպրեսքա, Նիւ Եորք, Օհայօ, Օքլահոմա, Թենըսի եւ Ուիսքանսըն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.