ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի (UNHCR) հայաստանեան գրասենեակը մինչեւ այսօր փախստական ընտանիքներուն ապահոված է 3500 բնակարաններ: Այս տարի նախատեսուած է կառուցել եւս 67 բնակարան:
Ըստ գրասենեակի հրապարակած տեղեկատուութեան, նախատեսուած է Գորիսի մէջ յատկացնել 40 բնակարան, Արարատ՝ 19, Լոռի՝ 7 եւ Վերնաշէն՝ 1 բնակարան: Ըստ նոյն աղբիւրի, կը քննուի նաեւ մարզերուն մէջ կառուցուելիք բնակարանները եւս եօթով աւելցնելու հարցը: