Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)
– Աղաբեկեան Վարսեն, «Պաղեստինահայ Մը – Միահիւսուածքը Հասարակականի Եւ Քաղաքականի Միջեւ», յառաջաբանը՝ Բեթղեհէմի Աւետարանական լութերական Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Միթրի Ռահեպի, «Տիար» հրատարակչութիւն, Բեթղեհէմ – գրաւեալ Պաղեստին, Հոկտեմբեր 2022, 312 էջ (15,1 x 22,7 սմ., Պաղեստինի հայ գաղութին պատմութիւնը վերջին հարիւրամեակին եւ պաղեստինահայոց երկու ինքնութիւններու ընդհանրութիւնները), անգլերէն:
– «Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» (ուսումնասիրողներու խումբի մը աշխատասիրութեամբ), խմբագիր՝ Արմէն Մալխասեան, յառաջաբանը՝ Շահան արք. Սարգիսեանի, հրատարակիչներ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն եւ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ – Մատենադարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2022 (Ատանայի թեմի Քաղաքական ժողովի 2 Մարտ 1905էն 10 Ապրիլ 1915 երկարող ժամանակաշրջանի նիստերու արձանագրութիւնները. ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու, տեղանուններու, բանալի բառերու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր): Լոյս տեսած է Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:
– Արթինեան Վրէժ-Արմէն, «Գրքապատում», «Ոստան» մատենաշար թիւ 17, Մոնթրէալ, Դեկտեմբեր 2022, 400 էջ (ելեկտրոնային տարբերակ. 67 գրութիւններ՝ մեծ մասամբ գրախօսութիւններ, հեղինակներու, գիրքերու առաջին կողքերու եւ ուրիշ լուսանկարներ): Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր կողակիցին՝ Նազիկ Գուլաքեան-Արթինեանին:
– Բախչինեան Արծուի եւ Աւագեան Հայկ (հաւաքող եւ հրատարակութեան պատրաստողներ), ««Վահագնի Ծնունդը» Աշխարհի 50 Լեզուներով», «Ջահակիր» շաբաթաթերթի յաւելուած թիւ 51, Գահիրէ, 2022 (Մովսէս Խորենացիի գրառած վիպասքի պատառիկը հայերէնով եւ տարբեր ժողովուրդներու 49 լեզուներով):
– Գրիգորեան Մայա եւ ուրիշներ (կազմողներ), «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայ Գրատպութեան Կենտրոն. Հրատարակութիւնների Մատենագիտութիւն 1772-1920», պատասխանատու խմբագիր՝ Գէորգ Տէր Վարդանեան, յառաջաբանը, խմբագրութիւնը եւ ծանօթագրութիւնները՝ Գոհար Գրիգորեանի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչութիւն, Վաղարշապատ, 2021 (փաստացի՝ Դեկտեմբեր 2022), 744 էջ (Մայր Աթոռի տպարանէն լոյս տեսած 745 հրատարակութիւններու եւ պարբերականներու (բացառութեամբ «Արարատ» ամսագիրի) մատենագիտութիւն-մանրամասն նկարագրութիւնը, յառաջաբան, ծանօթագրութիւններ, երկու յաւելուածներ, օգտագործուած գրականութեան եւ համառօտագրութիւններու, վերնագիրներու, յիշատակուած անուններու, տեղանուններու ցանկեր, տիտղոսաթերթերու լուսանկարներ): Տպագրուած է Մայր Աթոռի հրատարակչական խորհուրդի երաշխաւորութեամբ, «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ, եւ ձօնուած է հայ գրատպութեան 500 եւ Մայր Աթոռի տպարանի հիմնադրութեան 250ամեայ յոբելեաններուն:
– Եւատեան Մաքսիմ, «Հայաստանի Ծագման Մասին», Ֆրանսա, 15 Դեկտեմբեր 2022 (տարբեր գիտակարգերու – մասնաւորաբար հնագիտութեան եւ մարդաբանութեան – վերջին յայտնագործութիւններու հիման վրայ հեղինակուած պատմագիտական աշխատութիւն, առաւել քան 50 լուսանկարներ), ֆրանսերէն:
– Լամարէ Քրիստին եւ Զարեան Արա, «Դադիի Վանք – 1214 Թուականին Կառուցուած Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 1297 Թուականի Որմնանկարների Պահպանական Վերականգնում», նախաբանը՝ Անթոնիա Արսլանի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 483 էջ (598 գունաւոր լուսանկարներ, բառերու, օգտագործուած աղբիւրներու, անձնանուններու, տեղանուններու, լուսանկարներու ցանկեր, անգլերէն ամփոփում), հայերէն եւ ֆրանսերէն:
– Լամարէ Քրիստին եւ Զարեան Արա, «Հաղբատ – Սբ. Նշան Եկեղեցու 976-991 թթ. Ժ.-ԺԳ. դդ. Որմնանկարների Պահպանական Վերականգնում», նախաբանը՝ Սէյրանոյշ Մանուկեանի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 393 էջ (555 գունաւոր լուսանկարներ, բառերու, օգտագործուած աղբիւրներու, անձնանուններու, տեղանուններու, լուսանկարներու ցանկեր, անգլերէն ամփոփում), հայերէն եւ իտալերէն:
– «Լը Ֆիկարօ – Հիսթուար», «Լը Ֆիկարօ» երկամսեայ յաւելուած, Փարիզ, Դեկտեմբեր 2022- Յունուարի 2023ի թիւ, 130 էջ (ծաւալին շուրջ կէսը՝ 40-103րդ էջերը, ամբողջութեամբ նուիրուած են Հայաստանի, ներառեալ՝ Արցախի եւ հայութեան), ֆրանսերէն:
– Լիպարիտեան Ժիրայր, «Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութիւն. Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութիւն. Նիւթեր Պատմութեան Համար», «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022 (գիտական եւ քաղաքական յօդուածներ, զեկուցումներ, ելոյթներ, հարցազրոյցներ՝ հեղինակուած կամ կատարուած 1979-2021 ժամանակաշրջանին):
– (Խմբագրական կազմ), «Հայերը Վիքթորիայի մէջ», T C Printing հրատարակչութիւն, Մելպուրն-Աւստրալիա, 2022 (Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգի հայկական գաղութի պատմութիւնը, արխիւային նիւթեր, առաւել քան 300 լուսանկարներ), անգլերէն): Լոյս տեսած է Թագւոր եւ Շանթ Չիւլլիւներու եւ Թամար Մկրտիչեանի մեկենասութեամբ:
– Կարապետեան Սամուէլ, «Արցախի Մանրատեղանունները», գիտական խմբագիր՝ Փաւել Չոպանեան, խմբագիրներ՝ Լաուրա Մանուկեան, Յասմիկ Յովհաննիսեան, մանրատեղանուններու բառարանի հեղինակներ՝ Էմմա Աբրահամեան, Ռաֆֆի Քորթոշեան եւ Աշոտ Յակոբեան, քարտէսագիրներ՝ Արմէն Գէորգեան եւ Մարինէ Նազարեան, հրատարակութիւն Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի, Երեւան, 2022, 472 էջ (20 տարուան ընթացքին շուրջ 200 գիւղերէ հաւաքուած եւ քարտէսագրուած մանրատեղանուններ, բազմաթիւ քարտէսներ եւ սեւ-ճերմակ ու գունաւոր լուսանկարներ, մանրատեղանուններու բառարան՝ էջ 322-469, օգտագործուած աղբիւրներու եւ յապաւումներու ցանկեր): Հրատարակութեան պատրաստուած է Ամերիկայի Հայ օգնութեան ֆոնտի Գիտութեան եւ կրթութեան հայկական ազգային հիմնադրամին յատկացուցած դրամաշնորհին միջոցով: Լոյս տեսած է Բեկոր եւ Մարի Լու Փափազեաններու հովանաւորութեամբ:
– Կիւնտողան Քեազըմ, «Ալեւիաց(ու)ած Հայեր», «Այրընթը» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2022, 528 էջ (13,5 x 21,5 սմ.), թրքերէն (ալեւիաց(ու)ած հայազգի 72 անձերու վկայութիւններ):
– «ՀՄԸՄ «Կամք», Աղեքսանդրիա – 100ամեակի յուշամատեան 1912-2012», համադրող՝ Սուրէն Ն. Պայրամեան, «The Reliable Printers» (Զոհրապ Սարգիսեան), Թորոնթօ, 2022, 285 էջ (նշուած միութեան մարզական եւ սկաուտական գործունէութիւնը, յուշեր, յօդուածներ, վկայութիւններ, հարիւրաւոր լուսանկարներ):
– «Հայաստանը Եւ Տարածաշրջանը. Դասեր, Արժեւորումներ, Հեռանկարներ», Երեւան, 2022 (Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100ամեակին նուիրուած գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածու): Հատորը հրատարակութեան երաշխաւորած են Հայաստանի ԳԱԱ պատմութեան եւ արեւելագիտութեան հիմնարկներու գիտական խորհուրդները:
– «Յակոբ Մարտա-Աբրահամի Չոլաքեան. Կենսամատենագիտութիւն», կազմողներ՝ Արմէն Շաւարշի Սարգսեան եւ Գէորգ Եազըճեան, խմբագիր եւ անգլերէնի թարգմանիչ՝ Գէորգ Եազըճեան, գնահատանքի խօսքը՝ Արմէն Շ. Սարգսեանի, «Վաստակաշատ Գիտնականներ» մատենաշար թիւ 11, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 64 էջ (14,5 x 20,3 սմ., Լիբանանի, Հալէպի ու Երեւանի մէջ շուրջ կէս դար մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալած եւ հայագիտութեան տարբեր գիտակարգերու մէջ բեղուն վաստակ ունեցող հայագէտին կենսագրութիւնը, հրատարակուած գործերուն եւ յօդուածներուն, նաեւ իր ու իր բերքին մասին յօդուածներուն մատենագիտական տուեալները) հայերէն, (Յ. Չոլաքեանի կենսագրութիւնն ու հրատարակուած գիրքերուն մատենագիտական տուեալները՝ նաեւ անգլերէն): Տպագրուած է Հայաստանի ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Գիտական խորհուրդին որոշումով՝ Յ. Չոլաքեանի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ:
– «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կազմաւորումն Ու Գործունէութիւնը 1915-1951 թթ. – Փաստաթուղթերու Ժողովածու», գլխաւոր խմբագիր՝ Գրիգոր Արշակեան, Հայաստանի Ազգային արխիւի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022 (փաստաթուղթերը վերցուած են ՌԱԿի Գահիրէի Կեդրոնական վարչութեան նիստերու արձանագրութիւններէն): Հրատարակուած է ՌԱԿի 100ամեակին առթիւ՝ Վարդան Նազիրեանի մեկենասութեամբ:
– Սալխանեան Ռուզան, «Սրբապատկեր. Լռութիւնդ Խօսեցաւ Սրտիս», հրատարակութիւն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի, «Մութլու» տպարան, Պոլիս, Յուլիս 2002, 224 էջ (16,5 x 23,5 սմ.) (համապարփակ գիտահանրամատչելի ուսումնասիրութիւն սրբապատկերներու մասին՝ դարերու ընթացքին, գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ, աղբիւրներու մատենագիտական յղումներ):
– Վարդանեան Սերգէյ, «Բանահիւսական Պատումի Միջավայրը (Կրօնափոխ Համշէնահայերի Մի Զուարճապատումի Տարբերակները)», խմբագիր՝ Արմէն Շ. Սարգիսեան, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, Դեկտեմբեր 2022, 352 էջ + 16 էջ գունաւոր լուսանկարներու ներդիր (16,5 x 23,5 սմ.) (կրօնափոխ եւ քրիստոնեայ համշէնահայերէ 20րդ եւ 21րդ դարերուն գրառուած 37 անտիպ ու տպագրուած երգիծապատումներ եւ անոնց ընդհանրական յատկանիշները, հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, բնագիրներ եւ անոնց աշխարհաբարի վերածումներ, օգտագործուած աղբիւրներու, գիրքերու, համառօտագրութիւններու եւ յապաւումներու ցանկեր, հեղինակին կենսագրութիւնը, հրատարակուած գիրքերուն եւ ստացած պարգեւներուն ցանկերը): Տպագրուած է ՀայաստանիԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով՝ հեղինակին, սփիւռքահայ բարերարի մը եւ Մարկոս Քեսեանի միջոցներով:
– Փամպուքեան (Բամպակեան) Յակոբ, «Ինչ Որ Կը Յիշեմ Մուսա Լերան Բարբառի Խտըրպէկի Խօսուածքէն Որպէս Բառամթերք», խմբագիր՝ Եսայի Հաւաթեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչութիւն-տպարան, Պէյրութ, 2022 (հազարաւոր բարբառային բառեր՝ զանոնք կորուստէ փրկելու նախանձախնդրութեամբ):
– Քորթեան Թալին եւ Պատեր Ժիլ, «Դիմադրութիւններու Սեւ Գիրքը. 44օրեայ պատերազմ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ», Ֆրանսա, 18 Նոյեմբեր 2022, 160 էջ (21 x 29,7 սմ.) (44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք Արցախի հայոց վիճակի վկայութիւններ՝ շարադրանքի եւ լուսանկարներու միջոցով), ֆրանսերէն:
– Քիւրտօղլեան Միհրան, «Հրաչ Տասնապետեան Մտաւորականը», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 8, տպարան «Զարեհ Եւ Որդիք», Պէյրութ, 2022 (ՀՅԴ եւ կրթական գործիչի մտաւորական վաստակին մասին):