Բրիտանացի մտաւորական Պեռնարտ Ռասըլ արդի ուսումնառութեան մասին ըսած է. «Տարօրինակօրէն, ուսումը դարձած է գլխաւոր արգելք՝ խելացութեան եւ ազատ մտածողութեան զարգացման»։
Ե՞րբ է, որ ուսումը ինքնին մտային սահմանափակութեան կը տանի։ Ընկերային մեկնաբաններու կարծիքով, երբ քննադատող եւ հարցապնդող միտքը )critical mind( կը դադրի գործելէ, մարդկային մտածումի գործընթացը կը դառնայ ոչ թէ իրականութիւնը դիտող, այլ՝ պարզապէս անոր հակադարձող գործիք մը։
Պատմութեան մէջ, ամէն անգամ որ մարդուն միտքը դադրած է հարցադրելէ եւ պրպտելէ, իրերու դրութեան դէմ յեղափոխութեամբ մը վերականգնուած է զարգացման գործընթացը։ Օրինակ՝ հին Յունաստանի սոփեստական ուսուցումը եւ Սոկրատի իմաստասիրական մօտեցումը։ Միջնադարեան խաւարամտութիւնը եւ զայն յեղափոխող Զարթօնքը։
Այսօր ընկերային քննադատներ լուսարձակի տակ կ’առնեն այն կացութիւնը, որ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ուսումնառութիւնը սկսած է դառնալ դրամատիրութեան մեքենային մարդուժ հայթայթող կառոյց։ Դպրոցները աշակերտներուն չեն ներշնչեր ուսման հանդէպ սէր, մշակոյթներու հանդէպ հետաքրքրութիւն, այլ՝ կը պատրաստեն սպառողական ընկերութեան յարմարող անձեր։
ՈՒՍՈՒՄՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԸ
Ամերիկացի ընկերային քննադատ Նիլ Փոսթմըն իր «End of Education» քննադատական գիրքով վեր կ’առնէ Հիւսիսային Ամերիկայի այժմու ուսումնական դրութիւնը, որ աշակերտներուն կը սորվեցնէ պաշտել սպառողականութիւնը, եւ ոչ թէ անոնց կը ջամբէ մարդկայնական տեսլականներ։ Ուսումը առանց հոգեւոր եւ բարոյական սկզբունքի աննպատակ է, կ’ըսէ ան։ Հիւսիսային Ամերիկայի կազմաւորման շրջանին այդ նպատակը մարդկայնութիւնն ու ժողովրդավարութիւնն էին, սակայն, այսօր, տնտեսական օգտապաշտութիւնն է )economic utility(։
Փոսթմըն նաեւ կը ներկայացնէ արդի ուսումնական կառոյցին առաջ քաշած գլխաւոր երեք մօտեցումները.-
Առաջին՝ գործդ կը սահմանէ անձդ։ Այլ խօսքով, անձի մը տնտեսական օգտակարութիւնը կ’որոշէ իր դերն ու արժէքը արդի ընկերութեան մէջ։ Ըստ Փոսթմընի, ներկայ ուսումնական կառոյցը կարելի է դիտել իբրեւ ճարտար գործաւորներ արտադրող մեքենայ մը։
Անոր թելադրանքն է՝ աշակերտներուն ջամբել ամբողջական եւ ոչ մասնագիտական ուսում, որուն իբրեւ արդիւնք անոնք կը դառնան լայնամիտ եւ հարուստ փորձառութեան տէր անձեր։ Այսպիսով, կեանքը աւելի այլազան եւ հաճելի փորձառութեան մը կը վերածուի։
Երկրորդ՝ կուտակած հարստութիւնդ կը սահմանէ քեզ։ Արդի ուսումը, ըստ Փոսթմընի, աշակերտները կը պատրաստէ սպառողական ընկերութեան )consumer society( համար։ Այս կառոյցին մէջ անոնք, որոնք կը մերժեն ողջունել սպառողականութեան սկզբունքները, կը քշուին դէպի ընկերային լուսանցք եւ կը դառնան անպէտք։ Իբրեւ մարդ յաջող գործելու համար, պէտք է իւրացնել արհեստագիտութիւնը )technology( եւ անոր բոլոր արտադրութիւնները։ Սակայն, մինչ աշակերտները հետզհետէ կախեալ կը դառնան սպառողական ապրանքներէ, անոնք կը սկսին կորսնցնել իրենց՝ անկաշկանդ մտածելու կարողութիւնը եւ բնութեան դէմ յարգանքը։
Երրորդ՝ բոլորս՝ մէկ զանգուած։ Այս մօտեցումը կը գործէ իբրեւ բազմամշակութային )multicultural( կառոյցի պահպանում, սակայն, իրականութեան մէջ, անիկա կը կործանէ մշակոյթները, այլ լեզուները եւ սովորութիւնները։ Բազմամշակութային ընկերութիւն ըլլալու ճիգը, իրականութեան մէջ, այլոց տարբերութիւններն ու մշակութային այլազանութիւնը սորվելու եւ անոնց ծանօթանալու փոխարէն, կը միտի ջնջել տարբերութիւնները եւ ստեղծել՝ միատեսակ, խորքէ զուրկ մշակոյթ մը։
ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ
Փոսթմըն կը քննադատէ՝ արդի արհեստագիտութիւնը առանց միջնորդուած վերահսկողութեան մը որդեգրելու դպրոցներու փութկոտութիւնը։ Միայն քննադատական միտքով եւ որոշ հեռաւորութենէ մը կրնանք հասկնալ, թէ արհեստագիտութիւնը ինչպէ՞ս կը վերաձեւաւորէ մեր արդի կեանքը եւ թէ ինչպէ՞ս կարելի է սահմանափակել անոր ազդեցութիւնը, կ’ըսէ ան։
Փոսթմըն կը զգուշացնէ՝ ըսելով, որ այն խելագարութեամբ, որ արհեստագիտութիւնը կ’ողջունուի այսօր, կրնայ ամերիկեան մշակոյթի կործանման առաջնորդել։ Հետեւաբար, ան կը թելադրէ, որ դպրոցները աշակերտին հայթայթեն որոշ չէզոք միջավայր մը, ուր ան՝ «որոշ հեռաւորութեամբ մը վերլուծէ դարուն փոփոխութիւնները, փոխանակ դառնալու պատանդը՝ իրերու այժմու դրութեան»։
Վերջապէս, Փոսթմըն կ’ըսէ, թէ արհեստագիտութեան ուսումը պէտք չէ որ համակարգիչներու ծրագրաւորումի )programing( մասին ըլլայ, այլ՝ թէ ինչպէ՛ս համակարգիչը, պատկերասփիւռը եւ այլ արհեստագիտական առարկաներ կը փոխեն մեր մտածելու եւ գործելու եղանակը։
ՈՒՍՄԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
Դպրոցները ինչպէ՞ս կրնան արդիականութեան հարցերը ճիշդ ձեւով փոխանցել աշակերտին։ Ըստ Փոսթմընի, արդի ուսումնական հաստատութիւնները գոյատեւելու համար պէտք է գտնեն հասարակաց մարդկային նպատակ մը։ Այստեղ հիմնական նախադրեալը այն է, որ ուսումը կամ սորվիլը բացարձակ պատասխաններու չ’առաջնորդեր, այլ՝ կ’օգնէ հասկնալու, որ մարդու հասկացողութիւնը միշտ անկատար է։ Իսկ ամերիկեան բազմամշակութային ընկերութիւնը որպէսզի կարենայ իր դաւանած մարդկային արժէքները պահել, դպրոցներու մէջ պէտք է որ ուսուցանուին լեզուներ, պատմութիւն եւ մշակոյթներ։