ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, Իսրայէլի իշխանութիւնները արգելք հանդիսացան Եգիպտոս-Կազա սահմանագիծով Կազա վերադարձող պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէի վերադարձին, որովհետեւ անոր քով կար 35 միլիոն տոլար գումար մը:
Որոշումը ցոյցերու պատճառ դարձաւ սահմանին պաղեստինեան կողմը եւ բախումներ տեղի ունեցան, որու հետեւանքով «Համաս»ի երկու անդամներ վիրաւորուեցան իսրայէլեան ուժերու կողմէ: Աւելի ուշ, սահմանային անցքէն կէս մղոն հեռաւորութեամբ պայթումներ տեղի ունեցան, առանց մարդկային զոհեր խլելու:
Իսրայէլ աւելի ուշ յայտարարեց, թէ պատրաստ է Հանիյէի վերադարձը արտօնելու, եթէ ան գումարը Եգիպտոս ձգէ:
Յայտնենք, թէ «Համաս»ի անդամ Հանիյէ որոշած էր Կազա վերադառնալ, ընդհատելով իր շրջապտոյտը, Կազայի մէջ վերջին քանի մը օրերուն տեղի ունեցած սպանութեանց ստեղծած լարուածութիւնը մեղմացնելու յոյսով:
Հանիյէ վստահեցուց, որ պաղեստինեան քաղաքացիական պատերազմ ծայր պիտի չառնէ, եւ «Համաս» ամէն գնով պիտի պահանջէ պաղեստինցի ժողովուրդին միասնականութիւնը:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր իսրայէլացի զինուորներ կրակ բացին եւ սպաննեցին Կազա-Իսրայէլ սահմանային փշաթելին մօտեցած «Ֆաթհ»ի անդամ մը: Պաղեստինցիները այս ոճիրը Նոյեմբեր 26ին պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի միջեւ համաձայնեցուած զինադուլի առաջին խախտումը նկատեցին:
Նկարին մէջ, Կազա-Եգիպտոս սահմանագիծը խճողած պաղեստինցիներու ինքնաշարժներ: