ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա աւարտեց Լիբանան իր եռօրեայ այցելութիւնը, խոստանալով քանի մը օրէն դարձեալ վերադառնալ:
Ան Հինգշաբթի օր տեսակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի, նախագահ Էմիլ Լահուտի եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ։
Մուսա յայտարարեց, որ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է լիբանանեան հարցերը ազգային երկխօսութեան ու խորհրդակցութեան սեղանին վրայ լուծելու շուրջ՝ «ոչ յաղթողի, ոչ պարտեալ»ի տրամաբանութեամբ: «Որոշուեցաւ կազմել դատաւորներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որ պիտի սերտէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով կազմուելիք միջազգային դատական ատեանի մանրամասնութիւնները»:
Ըստ Մուսայի, կողմերը գրեթէ համաձայն են ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ 19 աթոռ պիտի տրուի խորհրդարանական մեծամասնութեան, տասն՝ ընդդիմութեան, իսկ մէկ նախարարը չէզոք պիտի ըլլայ:
Մուսա նաեւ ընդգծեց, որ դիմադրութեան ապազինման հարցը քննարկումի առարկայ չի դառնար իր ունեցած ներկայ հանդիպումներուն ընթացքին, որովհետեւ ներկայիս աւելի առաջնահերթ հարցեր կան քննարկուելիք եւ լուծուելիք։
Մինչ կարգ մը դիւանագիտական աղբիւրներ կը պնդէին, թէ Մուսայի առաքելութիւնը ձախողած է, Մուսա յայտնեց, թէ մեծ յոյսեր ունի, որ երկու շաբաթէն կարելի պիտի ըլլայ ամբողջական համաձայնութիւն մը գոյացնել կողմերուն միջեւ:
Յայտնենք, թէ Մուսա Հինգշաբթի օր հանդիպում մը ունեցան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար՝ երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթի, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան գերագոյն ղեկավար Էմին Ժեմայէլի հետ։
Մուսա նշեց, որ լաւատես է Լիբանանի ապագայով եւ աւելցուց, որ ներկայիս կայ սեւ եւ մութ ամպերու իրավիճակ մը, որ պիտի փարատի։ Ան յոյս յայտնեց, որ ընդդիմութեան համակիրները ամէնէն մօտիկ ապագային կը հեռանան փողոցէն, եւ կարելի կ՚ըլլայ տագնապին բարւոք լուծում մը ապահովել։
Միւս կողմէ, նախագահ Լահուտ Հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ որդեգրուած կեցուածքները կը միտին երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմ ստեղծել։
Նաեւ, ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած բողոքի նստացոյցը շարունակուեցաւ 14րդ օրը ըլլալով: Ընդդիմութեան համակիրները վերջին քանի մը օրերուն մեծ վրաններ լարած են, պատսպարուելու համար յառաջիկայ օրերուն հաւանական անձրեւներէն։
Ցուցարար երիտասարդները նաեւ կանգնեցուցին տօնածառ մը, որ «զարդարուեցաւ» ներկայ իշխանութեան զեղծարարութեանց տարբեր տեսակի օրինակներով:
Վերջապէս, Միջին Արեւելք այցելող Ֆլորիտայէն դեմոկրատ ծերակուտական Պիլ Նելսըն Հինգշաբթի օր Լիբանանի մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ վարչապետ Սինիորայի հետ։ Ան աւելի կանուխ Դամասկոսի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, հակառակ Սպիտակ տան կոչերուն, թէ ան պէտք չէ նման հանդիպում մը կատարէ: