ԼԷՆՍԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Միշիկըն նահանգի դատաւոր մը որոշած է յառաջիկայ Յունիս 1ին ազատ արձակել 1998էն ի վեր բանտարկուած բժիշկ Ճէք Գէորգեանը, որ հեշտամահութեան ջատագով մըն է:
Գէորգեան, որ կ’ընդունի բուժուելու հաւանականութիւն չունեցող եւ չարչարուող 130 հիւանդներու մահուան օժանդակութիւն տրամադրած ըլլալ, 10էն 25 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր: Դատաւորը յայտնեց, թէ Գէորգեան խոստացած է ազատ արձակուելէն ետք ոչ ոքի անձնասպանութեան օժանդակութեան տրամադրել:
78ամեայ Գէորգեանի առողջական վիճակը վատթարացած է բանտին մէջ եւ անոր փաստաբանը քանի մը ամիս առաջ յայտնած էր, թէ կրնայ առաւելագոյնը մէկ տարուան կեանք ունենալ:
Նկարին մէջ, Գէորգեան հաստատում մը կը կատարէ 1998ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: