ԳԱԳԻԿ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, հանգսւցեալի այրին` Արմենուհի Տէրտէրեան եւ զաւակը` Էդգար եւ Անի Յովակիմեանները իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն թեմիս Առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանին, հոգեւոր հովիւներուն, հոգաբարձական կազմին, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, երգչախումբին, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, գրութեամբ, հեռաձայնելով կամ ծաղկեպսակ ուղարկելով մասնակից եղան իրենց սուգին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.