ՊԵՏԻԿ

Ուրբաթ, 20 Յունուար ին, Վենթուրայի գաւառային ոստիկանութեան (sheriff) կեդրոնատեղիին մէջ, շրջանի 24 ոստիկաններու նոր պաշտօններու տուչութեան պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, գաւառի շերիֆ Ճիմ Ֆրայհոֆ հրամանատարի (Commander) աստիճան տուաւ Վենթուրա գաւառի Ֆիլմոր քաղաքի ոստիկանութեան գնդապետ Կարօ Գիւրէճեանին:
Գնդապետ Գիւրէճեան այս ձեւով դարձաւ առաջին հայ երիտասարդը, որ շրջանին մէջ կը հասնի ոստիկանական նման բարձր աստիճանի մը:
Հանդիսութեան, գնդապետ Կարօ Գիւրէճեանի մօր, եղբօր, ազգականներուն եւ հարազատներուն կողքին ներկայ էին շրջանի բարձրաստիճան ոստիկանապետներ, պետական դէմքեր, նահանգային պաշտօնատարեր, այլ աստիճաններով պարգեւատրեալ ոստիկաններու ծնողները եւ հարազատները ու հարիւրաւոր հիւրեր:
Կարօ Գիւրէճեան ծնած է 1970ին, Թրիփոլի (Լիբանան): Ան երրորդ զաւակն է Օննիկ եւ Անահիտ Ջաղացպանեան Գիւրէճեաններուն: Անոր հօր մահէն ետք (Լիբանանեան ներքին պատերազմի զոհ՝ դիպուկահարի մը փամփուշտէն), իր մօր եւ երկու եղբայրներուն՝ Յակոբ-Ճեքին եւ Րաֆֆիին հետ, 1975ին կը հաստատուի Միշիկըն նահանգի Ալբինա գիւղաքաղաքը: Նախնական ուսումը ստանալէն ետք, 1987ին կը հաստատուի Քալիֆորնիա եւ բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ UCLA-ի մէջ, որմէ 1993ին տնտեսագիտութեան պսակաւոր գիտութեան վկայական կը ստանայ:
Հետեւելով իր վաղամեռիկ ոստիկան եղբօր՝ Յակոբ-Ճեքի քայլերուն եւ անոր բարի ու կամեցող օրինակին (որ եղած էր Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկան եւ որ 2001ին զոհ գացած ոճրագործի մը անարգ փամփուշտին), ինք եւս ուզած էր դառնալ գաւառային ոստիկան:
1994ին կ՛անդամակցի սոյն գաւառի ոստիկանական շարքերուն՝ հետեւելով անոնց դասընթացքներուն: Մինչեւ հրամանատարի այս աստիճան ստանալը, ան այս գաւառին մէջ ստանձնած է զանազան պաշտօններ՝ բանտայինէն մինչեւ երթեւեկութիւն, ապա՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանի աշխատանքներուն մէջ, Վենթուրա, Մուրփարք, Ֆիլմոր եւ Թաուզընտ Օքս քաղաքներուն մէջ:
Շնորհիւ իր հմտութեան, պաշտօնի գիտակցութեան, անկեղծութեան, ծառայասիրութեան, պարկեշտութեան եւ աշխատասիրութեան՝ Կարօ Գիւրէճեան 2002ին կը դառնայ Վենթուրա գաւառի շերիֆի տեղակալ, իսկ 2010ին՝ Sergeant եւ ապա 2015ին՝ Captain:
Ըստ Շերիֆ Ֆրայհոֆի՝ Կարօ Գիւրէճեան պարտաճանաչ, խղճամիտ եւ օրինակելի ոստիկաններէն մէկն է եւ ինք շատ հպարտ է նման հայ ու նուիրեալ երիտասարդի մը ներկայութիւնը վայելելու, իր ղեկավարած ոստիկանական հսկայ զօրաբաժինին մէջ: