
ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Դեռ վերջերս նստած էր դիմացս: Սեղանին գլուխը, նահապետի իր դիրքին մէջ՝ թելադրանքներ կ՛ընէր տղուն եւ բարեկամներուն: Կապո՜յտ աչքերը վճիտ լճակներու պէս կը ժպտէին ու կ՛արտացոլէին սիրտի հանքը, որ անհուն էր եւ անյատակ:
Եդուարդ Մսրլեան ա՛լ չկայ: Այդպէս կ՛ըսեն սովորական կեանքի մը բաղադրատոմսը ունեցող մարդիկ. երբ մարմինդ ա՛լ չի շնչեր՝ ուրեմն՝ չկաս:
Բայց այդպէս չէ. բոլորս ալ գիտենք, որ այդպէս չէ, երբ շնչաւոր էակ մը միայն շնչելով, ուտելով, քնանալով չէ անցուցած իր կեանքը:
Եւ գիտե՛նք, մանաւանդ, որ ո՛վ որ մշակոյթով սնանած է իր կեանքին ընթացքին ու մշակո՛յթ ապրեցուցած՝ չի՛ մեռնիր:
Առաջին անգամ «Եդուարդ Մսրլեան» անունը լսած եմ Լոս Անճելըս գտնուած օրերուս, երբ ան հայկական ռատիոժամը «կ՛ապրեցնէր» նիւթական իր օժանդակութեամբ: Ամէ՛ն Կիրակի, Յասմիկ Տէրտէրեան եւ Սալբի Ղազարեան մեզի կը հրամցնէին մշակոյթով եւ մտածումով հարուստ, իր տեսակին մէջ եզակի, ճոխ յայտագիր մը՝ շնորհիւ Ե. Մսրլեանի տեսլականին:
Այդ առաջին անգամուան յաջորդած են բազմաթիւ այլ անգամներ, երբ բախտը ունեցած եմ աւելի մօտէն ծանօթանալու այս ազնիւ անձին: Կը հեռաձայնէր, ու երկա՜ր կը խօսէինք Համազգայինի առաքելութեան, հայերէնի վիճակին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մշակութային յարաբերութիւններուն մասին:
Ե. Մսրլեան յաջողած ոսկերիչ մըն էր, բայց ամէն ոսկերիչ Ե. Մսրլեան չէր: Հալէպ ծնած եւ հոնկէ Պէյրութ անցած ադամանդի այս վաճառականը, տարբեր տեսակի ադամանդ կը տարածէր: Իրեն համար հայ մշակոյթը իր բոլոր ճիւղերով կը հանդիսանար ամէնէն փայլուն, ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն թանկարժէք ադամանդը:
Ուր որ մշակոյթ կար՝ նկարչական արուեստ, երաժշտութիւն, լեզու, գրականութիւն՝ Ե. Մսրլեան հոն էր: Երիտասարդ օրերուն, քանի մը այլ նուիրեալ ընկերներու հետ ի՛նք հիմնած էր Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը եւ մինչեւ իր «մահը» ի՛նք սատար հանդիսացած էր մշակութային ամէն տեսակի գործունէութեան:
– Պարոն Մսրլեան, այսինչ գրագէտին գիրքը կ՛ուզենք հրատարակել. կրնայի՞ք ձեր մասնակցութիւնը բերել:
– Պատրա՛ստ. որքան որ պէտք է՝ ըսէ՛ք:
– Պարոն Մսրլեան, Լիբանանի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցը…
– Պատրա՛ստ.
– Ճեմարանը….
– Պատրա՛ստ:
Դժբախտաբար, Միացեալ Նահանգներու հայ հասարակութիւնը տակաւին չէ հասած մտածումի այնպիսի մակարդակի մը, որ կարենայ մէջտեղ բերել մշակոյթ տարածելու եւ ստեղծելու համար նիւթական ապահովող հիմնադրամ: Կրնանք երեսունմէկ միլիոն արժող քարեղէ՛ն թանգարանով հպարտանալ ու ցնծալ, բայց տակաւին հասունութիւնը չունինք նիւթական հսկայական ներդրում կատարելու՝ լեզուն, գրականութիւնը, արուեստը տարածող, ոգեղէ՛ն անսասան կեդրոն ստեղծելու. կեդրոն մը, որ քարէ կառոյց չըլլայ, այլ տեսլականի արտայայտութիւն, գրագէտներու գործերը հրատարակելու, արուեստագէտներու ելոյթները իրականացնելու միջոց հայթայթող դրոյթ: Մինչեւ այդ հասունութեան հասնինք՝ ստիպուած ենք «մուրացկանութեամբ» զբաղելու եւ գիտակից ու բարեկեցիկ անհատներու դուռը թակելու:
Պարոն Մսրլեան, բարեբախտաբար, միս մինակը կրցած էր այդպիսի կեդրոնի մը դերը ստանձնել… եւ ինչ որ ամէնէն հմայիչն էր իր մօտ, այն էր, որ միայն »մուրացկանները« գոհացնելով չէր բաւարարուեր. ի՛նք նախաձեռնողն էր հոգին ու միտքը հարստացնող ձեռնարկներ կազմակերպելու կամ ծրագիրներ մշակելու: Վկայ՝ Հայաստանի մէջ իր կողմէ ստեղծուած մշակութային հարթակը, որ կը կոչուի «Արեւահովիտ»:
Ուր որ ալ ըլլար, հետը արեւ մը ունէր ան: Քանի՜ տնտեսական ծրագիրներ մշակած էր հայրենիքի մէջ եւ քանի՜ անգամ դժուարութիւններու հանդիպած՝ անպարկեշտ մարդոց պատճառով… Այս »Արեւահովիտ«ը սակայն, Սարեանի տա՛ք գոյներով՝ իր սիրտը հպարտութեամբ եւ հրճուանքով կը լեցնէր:
Ահա կրկին նստած է դիմացս. հիմա կապոյտ աչքերը կրկին կը ժպտին չարաճճի ժպիտով մը: «Պէտք չէ յուսահատիլ», կ՛ըսէ. «ես մի՛շտ լաւատես եղած եմ եւ կը հաւատա՛մ մարդկային ազնուութեան»:
Իրաւ է. Եդուարդ Մսրլեան անուղղայ լաւատես մըն էր, որովհետեւ հիմնապէ՛ս բարի մէկն էր: Կը ցաւէր, որ առաջուան պէս խուռներամ բազմութիւն չէր հաւաքուեր մշակութային ձեռնարկներուն. կը տխրէր հետաքրքրութեան պակասին համար՝ ընդհանրապէս, բայց… կը մնար լաւատես:
– Եթէ փորձենք, միասին աշխատինք, յարատեւենք՝ անկարելի բան չկայ:
Արեւ բաշխող բարի թագաւորը մեր շուրջ պիտի չտեսնենք այլեւս, բայց իր ձգած տաքուկ ճառագայթները վստահաբա՛ր ուղղութիւն պիտի տան մեզի եւ գծեն ճամբան իր անմահութեան:
Աս գրվածքին կարդացի եւ կարծես թէ ես ալ դիմացս տեսայ աս բարի մարդը, որուն չեմ ճանչնար: Շատ լաւ նկարագրած է գրողը: Երկու կէտ կուզէմ ըսել: 1-Շատ ճիշդ գրէր է որ հոն մարդեր կան, որ 30 միլիոն տոլարի (ուրիշները կըսէն որ շատ աւելի) դանգարան մը կըշինէն, բայց դպրոցները դժվարութիւն ունին եւ շատերն ալ կը գոցվին, ըսել է որ ըսածին պէս մշակութով հոգ ընող չիկայ, 2- Շատ համացայն եմ որ մէկը պէտք է ասանկ ֆոնտ մը դնէ, որպէսզի գրողները, արւեստագետները օգնութիւն ունենան: Ասկէ զատ ալ պետք է որ Հայաստանի եւ Արցախի օգնութեան հասնինք, ինչպէս որ ըրած է հանքուցիալը: