ՊԷՅՐՈՒԹ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15ին, մինչ Լիբանանի կառավարութեան ընդդիմադիրները 15րդ օրն ըլլալով կը շարունակէին իրենց նստացոյցը Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ու շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, կոչ ընելով Մոսկուայի իշխանութեանց, որ Սուրիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով նպաստեն Լիբանանի տագնապը լուծելու աշխատանքներուն:
Յայտնենք, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւս յառաջիկայ Երկուշաբթի եռօրեայ այցելութեամբ մը Մոսկուա պիտի մեկնի։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս շեշտեց, թէ Դամասկոսի եւ Իրանի հետ Իրաքի հարցով բանակցելու գաղափարին համամիտ չէ, եթէ այդ բանակցութիւններուն փոխարէն Ուաշինկթընէն զիջումներ պահանջուին Լիբանանի ու Իրանի հիւլէական տագնապին առնչութեամբ:
Իր կարգին, Ռայսի միջին արեւելեան հարցերու օգնական Տէյվիտ Ուէլշ յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դերակատարութիւնը շինիչ ու օգտակար չէ, եւ ամերիկեան իշխանութիւնները լրջօրէն մտահոգ են այդ ուղղութեամբ։
Վերջապէս, Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գերաստիճանը եւս յայտարարեց, թէ Սուրիա պէտք է վերջ մը դնէ Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու քաղաքականութեան:
Նկարին մէջ, Սինիորա եւ Փութին Քրեմլինի մէջ: