
Յայտարարութիւններ
ՎԻՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ՖՐԷԶՆՕ, Փետրուար 18.- ՀՅԴի «Յառաջ» եւ «Ակնունի» խումբերուն միջեւ տեղի կ՛ունենայ վիճաբանական ժողով, «Ասպարէզ»ի սրահին մէջ, ներկայ ամսի 18ին, Կիրակի, կէսօրէն վերջ ժամը 2ին։
ԽՄԲԱԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ՀՅԴ «Արամ» խմբի դասախօսական ժողովը տեղի կ՛ունենայ Փետրուար 21ի երեկոյեան, Չորեքշաբթի օր, ընկեր Յ. Թաշինեանի բնակարանին մէջ՝ 633 Օ Սթ.։
ՀԱՆԴԷՍ-ԽՆՃՈՅՔ
ՍԷՆԿԸՐ.- ՀՅԴ Սէնկըրի կոմիտէ նախաձեռնութեամբ, Մարտ 4ին տեղի կ՛ունենայ տեղւոյն հօլին (սրահին) մէջ հանդէս-խնճոյք։
Տեղի կ՛ունենայ երգ, արտասանութիւն, բանախօսութիւններ։
Ներկաները կը հիւրասիրուին պտուղներով։
ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԹՈՒԼԱՐԻ.- ՀՅԴ Թուլարիի կոմիտէի ընկերական ժողովը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 25ին, Կիրակի օր, կէսօրէ վերջ ժամը 3ին, ընկ. Սարգիսեանի բնակարանին մէջ։
Ներկայ կ՛ըլլան ընկերներ Մ. Թաշճեան եւ Գալընեան։
Փետրուար 16, 1923, թիւ 932